ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԿՐՕՆԻՑ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

uluslararasi din ozgurlukԱ.Մ.Ն.ու Համաշխարհային Կրօնից Ազատութեան Յանձնաժողովի (USCIRF) անդամներէն Մէրի Էն Կլէնտըն եւ Քէթրին Լէնթօս Սվիթ, 4 Փետրուար 2014, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Ներկայ եղան նաեւ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդի ատենապետ՝ Հրանդ Մոսգոֆեան, Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ՝ Մանուկ Էօղէր եւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ՝ Յարութիւն Շանլը։