ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԸ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական

185867626_1846375255522349_7543660177614297994_nՀամբարձման Տօնը այս տարի եւս տօնուեցաւ թագաժահրի (քորոնա) համավարակի սահմանափակումներու շուքին տակ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Համբարձման տօնը կը զուգադիպի Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի տարեկան տօնախմբութեան, սակայն համավարակի սահմանափակումներուն պատճառաւ, ինչպէս անցեալ տարի, Համբարձումը այս տարի եւս կարելի չեղաւ Հիւանդանոցի երդիքին ներքեւ տօնախմբել։ Հակառակ տիրող իրավիճակին, այս մեծ տօնը արժանավայելօրէն նշուեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ մատուցուած Ս. Պատարագով։

13 Մայիս 2021, Հինգշաբթի առաւօտ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ժամը 10.30-ին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, առընթերակայութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի, Ս. Պատարագ մատոյց։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին հոգեւորականաց դասու անդամներ ու ժառանգաւոր սաներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Բրշ. Էտվին Յարութիւն Սրկ. Կալիպեանի առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Պատրիարքական Աթոռոյ Արմաշ Դպրաց Խումբի մասնակցութեամբ։

Ս. Պատարագին ներկայ էին Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, հոգեւոր հայրեր եւ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներ։ Նկատելով համավարակի սահմանափակումները, տօնախմբութիւնը դռնփակ կատարուեցաւ, իսկ արարաղութիւնը ուղիղ տեսասփռուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյ եւ «Լրաբեր» կայքէջերէն։186104471_1846374845522390_602653254798719074_nՆախ քան Տէրունական Աղօթքը, Պատրիարք Հայրը իր տօնական պատգամը փոխանցեց ժողովուրդին ու շեշտեց Համբարձման Տօնի Ս. Գրային կարեւորութիւնը։ Պատրիարք Հայրը, իր խօսքերուն մէջ երեք կէտերով անդրադարձաւ օրուան նշանակութեան եւ յիշեցուց թէ Համբարձման Տօնը թէ՛ որպէս եկեղեցական եւ թէ որպէս ազգային տօն, իր աւանդութիւններով տեղ գտած է Հայ ժողովուրդի եւ մասնաւորապէս Պոլսահայութեան ապրումներուն մէջ։

Ա) ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԸ՝ ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ՕՐ

Համբարձման Տօնը, Ս. Յարութեան Տաղաւարին յաջորդող 40րդ օրն է եւ ըստ Ս. Գրքին այդ օր Յիսուս երկինք համբարձած է, Ս. Աստուածածնի եւ առաքեալներու վկայութեամբ։ Պատրիարք Հայրը հարց տուաւ թէ, ինչո՞ւ տարբեր տօներ հաստատուած են եկեղեցւոյ կողմէ։ Ապա պատասխանեց ըսելով. «Տարբեր տօներ տարբեր օրհնութիւններ կը տեղացնեն հաւատացեալներու ներքին աշխարհին։ Ինչպէս տարբեր եղանակներուն, տարբեր ձեւով կ՚անձրեւէ, նոյնպէս ալ հաւատքի կեանքին մէջ տարբեր տօներ տարբեր խորհուրդներով կը մօտենան մեր առօրեային եւ օրհնութիւն աղերսելու ճանապարհը կը բանան։ Համբարձման իմաստը խորհուրդ է, քանի որ Յիսուսի երկրաւոր առաքելութիւնը իր աւարտին կը հասնի եւ ան Հօր աջ կողմը նստած իր Աստուածութեամբ կը գործէ։ Համբարձումը այն կարեւոր հանգրուանն է, որուն որպէս հետեւանք կարճ ժամանակի մէջ կը յաջորդէ՝ Հոգեգալուստը ու առաքեալներ՝ կը դառնան Քրիստոսի ճշմարիտ վկաներ ու Աւետարանի քարոզիչներ։ Քրիստոս համբարձաւ, որպէսզի իր առաքելութիւնը առաւել եւս ընդարձակուի ու տարածուի աշխարհի տարածքին։

Նորին Ամենապատուութիւնը որպէս օրինակ ներկայացուց խունկը եւ ըսաւ թէ, ան որպէս նիւթ շատ փոքր է եւ անհատի մը ձեռքին մէջ կը կորսուի։ Իսկ երբ հուրի հետ կը միանայ, տարբեր տեսք կը ստանայ, ու բոլոր սենեակին մէջ կը լեցուի ու ամէն ոք կը զգայ խունկին ներկայութիւնը։

Բ) ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԸ՝ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿ

Համբարձումը աւանդաբար յիշատակն է, Ամենայն Հայոց Հայրապետական Ս. Աթոռին Սիս քաղաքէն Ս. Էջմիածին վերադարձին, որ տեղի ունեցած է 1441 թուին։ Համբարձման Տօնին կը կատարուի Մայր Աթոռոյ Մաղթանք եւ աղօթք կը բարձրացուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի անսասանութեան եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետի արեւշատութեան համար։ Մեր Հոգեւոր Պետը շարունակեց ու ըսաւ. «Ս. Էջմիածինը, Հայ Ժողովուրդին պաշտօնապէս քրիստոնէութիւնը ճանաչման յիշեցումն է եւ այս յիշատակին մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կը ներկայանայ որպէս առաջին Կաթողիկոս։ Անշուշտ, որ պատմութիւնը մեր ժողովուդին շնորհած է շատ տխուր օրեր, որոնց որպէս հետեւանք Հայրապետական Աթոռը տեղափոխուելու հարկադրուած է քաղաքէ քաղաք։ Տարբեր շրջաններուն ան անցած է այլ քաղաքներէ եւ ի վերջոյ հասած է Սիս։ Երբ թագաւորութենէ զրկուած Հայերը զգացած են, թէ անպաշտպան են, ազգի առաջնորդները որոշած են Հայրապետական Աթոռը վերադարձնել Ս. Էջմիածին, իր բուն վայրը»։

Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց թէ երբ նեղութիւններ կը ներկայանան Հայոց մօտ, եկեղեցւոյ զաւակները ստիպուած են առաւել եւս միութեամբ ներքին զօրութիւն մը հաստատել։ Հայ Եկեղեցւոյ իրականութեան մէջ, այս հանգրուանին, նուիրապետութիւնը պէտք է նկատի առնուի ու ամենէն մեծ աստիճանէն մինչեւ ամենէն փոքր աստիճանի սպասաւորը, պէտք է առաւել եւս սերտ կապեր հաստատէ բոլոր մարտահրաւէրները դիմակալելու համար։ Այս առիթով յայտնեց թէ՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը եւ Ծայրագոյն Պատրիարք ու Ամենայն Հայոց Հայրապետը, գլուխն ու գագաթն է այս նուիարապետութեան։

Մեր Հոգեւոր Պետը այս առիթով յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ իր ողջոյնները փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետին եւ յայտնեց թէ տօնական առիթով կը վերադարմացնեն իրենց ի հոգեւորս կապուածութեան ուխտը առ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին։

Գ) ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԸ՝ Ս. ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Համբարձումը Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի տարեդարձն է Համբարձումը եւ տարեկան տօնախմբութեան օրը՝ Հիւանդանոցի Ս. Փրկիչ Մատրան։ Նորին Ամենապատուութիւնը հետեւեալ ձեւով նշեց այս հանգրուանը. «Երկու տարիէ ի վեր դժբախտաբար կարելի չըլլար անցեալի նման հանդիսաւոր սիրոյ սեղաններ սարքել։ Սակայն եւ այնպէս, բոլոր եկեղեցիներ եւ հաստատութիւնները Պատրիարքական Աթոռին սրտին մէջն են։ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցը, ո՛չ միայն Պոլսոյ, այլ նաեւ բոլոր սփիւռքի ամենէն մեծ, հարուստ ու յաջող հաստատութիւններէն է։ Պոլսոյ հայերու հպարտութիւնն է ան եւ պէտք է նկատի ունենաք թէ Քրիստոնէական սիրոյ կոթող այս հաստատութիւնը Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի մեծ ժառանգն է։ Յատկապէս համավարակի շրջանին, Հիւանդանոցը մեծ ծառայութիւն մատուցած է մեր ժողովուրդին եւ ազգին։ Այնպէս, որ Համբարձման Տօնի Ս. Պատարագը լաւ առիթ է յիշելու հիւանդանոցը եւ հիւանդանոցի համար ծառայողները»։186461911_1846375265522348_8636466295113242867_nՊատրիարք Հայրը, բժշկապետ Մաքսուտ Ահպապի գլխաւորութեամբ բոլոր պաշտօնէութեան փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթութինները։ Այս առթիւ յիշեց նաեւ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորած Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան անդամները, շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ծառայութեան համար ու փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները։

Ս. Պատարագի աւարտին, նախ տեղի ունեցաւ Մաղթանք Մայր Աթոռոյ։ Զանգակներու ղօղանջներով եւ Ս. Էջմիածնի ու Հայրապետութեան ընծայուած շարականներով հոգեւոր հայրեր աղօթեցին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հաստատութեան եւ անսասանութեան, Վեհափառ Հայրապետի արեւշատութեան համար։

Մաղթանքէն յետոյ, տեղի ունեցաւ նաեւ պաշտօն, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի հիմնադիր Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի, հոգաբարձութեան անդամներու, բժիշկներու ու բոյժքոյրերու, սպասաւորներու, բարերարներու, սատարողներու, ի մասնաւորի Կիւլպէնկեան գերդաստանի անդամներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Արարողութեան աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը թափորով առաջնորդուեցաւ դէպի խորհրդարան, ուր տուաւ վերջին օրհնութիւնը։

 

  • 185867626_1846375255522349_7543660177614297994_n
  • 185766302_1846375028855705_3916881531351018532_n
  • 186453545_1846375022189039_5381676535178088623_n
  • 186452358_1846374848855723_5663077238064922672_n
  • 186104471_1846374845522390_602653254798719074_n
  • 186324572_1846374835522391_8817247181814705012_n
  • 186461911_1846375265522348_8636466295113242867_n
  • 186474328_1846375248855683_3873158015523276179_n