ՀԱՅԱՍՏԱՆԷ ԹՂԹԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

15 04 21 Hayasdan GazeteciՀայաստանցի խումբ մը թղթակիցներ՝ Մարինէ Գօչարեան (Շողակաթ Հեռատեսիլ), Գրիգոր Ղազերեան (Ալիք Հայերէն Օրաթերթ եւ Պայման Պարսկերէն Պարբերաթերթ – Իրան, Թէհրան), Անժէլա Ստեփանեան (Armenia Հեռատեսիլ), Անահիտ Քաղցապեան (Gorispress Թերթ), Լուսինէ Պետրոսեան (Հրապարակ Օրաթերթ), Արտակ Համբարձումեան (Civil Net tv.), 21 Ապրիլ 2015, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելու թղթակիցները, զանազան հարցերու մասին հարցումներ ուղղեցին Նորին Սրբազնութեան։ Սրբազան Հայրը, պատշաճ եւ գոհացուցիչ պատասխաններ տուաւ հարցումներուն։ Այցելութեան աւարտին, թղթակիցները շնորհակալութիւն յայտնեցին Սրբազան Հօր ջերմ վերաբերմունքին համար ու հրաժեշտ առին Պատրիարքարանէն։