ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ՀԻՒՐԵՐ ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական

11218207_514423385384216_2813447655358117772_n

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի վերատեսուչ Արմէն Տէր-Կիւրեղեան եւ փոխ-վերատեսուչ Աշոտ Ղազարեան, ընկերակցութեամբ Սարվէն Սէրթշիմշէքի, 27 Նոյեմբեր 2015, Ուրբաթ, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Հիւրերը երկօրեայ բանախօսութիւններու մասնակցելու եւ Ստանպուլահայ Համայնքի աշակերտներու հետ տեսակցելու համար քաղաքս կը գտնուէին։ Կեցութեան շրջանին փափաքած էին քաղաքավարական այցելութիւն տալ Պատրիարքարան։ Զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւն տուին համալսարանին ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ բանախօսութիւններու շրջագծին մասին։ Արամ Արքեպս. յաջողութիւն մաղթեց հիւր ակադեմականներուն։