ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական

14369976_636549663171587_6154026066308071857_nՀայաստանի Հանրապետութիւնը, այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրութեան 25-ամեակը։ Այս շրջագիծով, Հայրապետական տնօրինութեամբ թեմերու մայր եկեղեցիներու մէջ կը կատարուի խաղաղութեան աղօթք։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, այս ուղղութեամբ փափաք յայտնած է նաեւ Նուիրապետական Աթոռներէ ներս ալ տեղի ունենայ խաղաղութեան աղօթք։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Նորին Սրբութեան փափաքին ընդառաջելով, որոշած է 25 Սեպտեմբեր 2016, Կիրակի, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ, մասնաւոր աղօթք կատարել վասն խաղաղութեան Հայրապետութեան եւ Հանրապետութեան Հայոց։