ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական

genclerՀայաստանցի խումբ մը երիտասարդներ, Ուրբաթ, ժամը 14.00-ին, Տիգրան Ալթունի առաջնորդութեամբ այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Խումբի անդամներու մեծամասնութիւնը, Թուրքիոյ համալսարաններու եւ կամ այլ հաստատութիւններու մէջ կը պաշտօնավարէին եւ ապագայ կը խոստանային։ Խումբին մաս կը կազմէին՝ Աննա Մուրատեան՝ Եուվա Հիմնարկէն, Սոնա Տիլանեան՝ Պողազիչի Համալսարանէն, Ռուզաննա Պաղտասարեան՝ Անատօլու Քիւլթիւրէն, Սարգիս Խանդանեան Change.orgէն, Աստղիկ Իգիթեան CNN Թիւրքէն, Դանիէլ Խաչատուրեան՝ Թուրք Տնտեսական եւ Ընկերային Հետազոտութիւններու Հիմնարկէն, Սոնա Մնացականեան՝ Քատիր Հաս Համալսարանէն, Սեդա Շեկոեան՝ Ստանպուլի Ժամանակակից Արուեստի Թանգարանէն, Հայարփի Յովհաննիսեան՝ Եըլտըզ Թէքնիք Համալսարանէն, Մարիաննա Յովհաննիսեան՝  SALT Researchէն, Սոֆիա Մանուկեան՝ Պիլկի Համալսարանէն, Յարութ Մարաշլեան՝ Շէհիր Համալսարանէն։

Երիտասարդ գիտաշխատողներ իրենց աշխատանքը կը ծաւալէին ի մասնաւորի Թուրք եւ Հայ Յարաբերութիւններու ծիրէն ներս։ Այս առումով, զանազան նիւթերու մասին հարցումներ ուղղեցին Նորին Սրբազնութեան ու տեղեկութիւններ ստացան։ Հայ Համայնքի շուրջ ուղղուած հարցումներու առընթեր հետաքրքրուեցան նաեւ կրօնափոխներով եւ Հայաստանցի մանուկներու ուսման աշխատանքներով։ Զրոյցի աւարտին հիւրերը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան համար ու մեկնեցան գոհ տպաւորութեամբ։