ՀԱՅՃԱՐԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ ՅԱՆՁՆԵՑԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Համայնքային

Haycar

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 9 Հոկտեմբեր 2020, Ուրբաթ, յետ միջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց «ՀԱՅՃԱՐ» Միութեան ներկայացուցիչները։ Անոնք, վարժարաններու երկրաշարժի տոկունութեան մասին իրենց յանձնուած պաշտօնին մասին տեղեկագիր յանձնելու համար կը գտնուէին Գումգաբու։

Այցելուներ յայտնեցին թէ՝ 17 վարժարաններու պատկանող 28 շէնքերը այցելելով, տեղւոյն վրայ քննութիւններ կատարած էին։ Իսկ, 2-8 Սեպտեմբեր թուականներու միջեւ «ՀԱՅՃԱՐ»ի Երկրաշարժի Յանձնախումբի անդամներ մէկ առ մէկ այցելած էին վարժարան մատակարարող թաղային խորհուրդները եւ իւրաքանչիւր վարժարանի մասին պատրաստուած տեղեկագիրը յանձնած էին վարչայիններուն։ Անոնք յայտնեցին թէ յանձնախումբը կատարած էր այն պարտականութիւնը, որ յանձնուած էր իրեն Պատրիարք Սրբազան Հօր կողմէ։ Այս առթիւ անոնք յայտնեցին թէ՝ վարչութիւնը միշտ պատրաստ է համայնքային բոլոր հաստատութիւններուն զօրավիգ կանգնելու։

Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց «ՀԱՅՃԱՐ»ի անդամներուն, որոնք իրենց վստահուած պարտականութիւնը կատարած էին։ Նորին Ամենապատուութիւնը, անգամ մը եւս յայտնեց թէ՝ վարժարաններուն տոկունութեան մասին կատարելի աշխատութիւնները ամենայն լրջութեամբ պէտք էր կատարուէին եւ ըստ երեւոյթի «ՀԱՅՃԱՐ»ը այս ուղղութեամբ կարեւոր գործ մը յառաջ տարած էր։ Պատրիարք Հայրը, գնատատեց կատարուած աշխատութիւնը եւ այցելուներուն յաջողութիւն մաղթեց նաեւ իրենց գործունէութեանց մէջ։