ՀԱՅՃԱՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

15 05 06 HaycarՀայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան (ՀԱՅՃԱՐ) ներկայացուցիչներ՝ Ժան Կավրիլօֆ եւ Մուրատ Տուվարճը, 06 Մայիս 2015, Չորեքշաբթի, յետ միջօրէին այցելեցին Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

ՀԱՅՃԱՐի ներկայացուցիչները, տեղեկութիւններ տուին իրենց աշխատութեանց եւ նոր ծրագիրներու մասին։ Միութեան անդամները կը շարունակէին իրենց օժանդակութիւնը բերել համայնքային հաստատութեանց մէջ կատարուած ճարտարապետական աշխատանքներուն։ Այցելուներ, նաեւ Նորին Սրբազնութեան ծանօթացուցին իրենց նոր անդամներէն Բարձր Ճարտարագէտ Սեւան Յակոբեանը։ Ան, միեւնոյն ժամանակ կարեւոր պաշտօն ստանցնած է «Արչէլիք» Հաստատութեան մէջ։

Նորին Սրբազնութիւնը, իր գոհունակութիւնը յայտնեց տրուած քաղաքավարական այցելութեան եւ փոխանցուած տեղեկութեանց համար։ Գնահատեց նաեւ ՀԱՅՃԱՐի յօգուտ համայնքային հաստատութեանց տարած օգտաշատ աշխատանքները։ Շնորհաւորեց նաեւ Սեւանը, մաղթելով իրեն աւելի յաջողութիւն։ Նորին Սրբազնութիւնը կարողութիւն մաղթեց վարչութեան անդամներուն, իրենց եկեղեցաշէն գործունէութեանց մէջ։