ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՇՆՈՐԱՀԱՆԴԷՍ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Կրօնական,Միջեկեղեցական,Փաստաթուղթեր

22Հայոց Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ, 3 Փետրուար 2018, Շաբաթ, ժամը 11.00-ին, տեղի ունեցաւ “Christianity Fundamental Teachings” (Հիմնական սկզբունքներ Քրիստոնէական Կրօնի) գիրքին շնորահանդէսը, որ պատմական նշանակութիւն ունի համաքրիստոնէական ծիրէն ներս։ Յիշեալ գիրքը Անգլերէն թարգմանութիւնն է, 2015-ին հրատարակուած “Temel İlkeleriyle Hristiyanlık” աշխատութեան, որ եզակի բնոյթ ունէր իր պարունակութեամբ։ Անգլերէն Գիրքը եւս հրատարակութեան պատրաստուած է Թուրքիոյ Եկեղեցիներու Հասարակաց Յանձնախումբի աշխատութեամբ եւ հրատարակուած՝ Սուրբ Գրոց Ընկերութեան կողմէ։

6Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի հիւրընկալութեամբ կատարուած հանդիսութեան իր բարձր ներկայութիւնը բերաւ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ս. Ծայրագոյն Պատրիարքը։ Ներկայ էին Ասորի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Մոր Ֆիլիւքսինոս Արքեպս. Չէթին, Լատին Կաթոլիկ համայնքի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Ռուբէն Թիէրրապլանքա Ս. Եպիսկոպոս, Թուրքիոյ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Փոխ-Նախագահ Վերապատուելի Տքթ. Պէհնան Քօնութկան։ Ներկաներու կարգին էին նաեւ «the World Evangelical Alliance»էն Փրօֆ. Տթք. Թոմաս Շիրմախէր Եպիսկոպոս եւ Նիքոլայ Նէտէլջէվ Եպիսկոպոս, Յունաց Պատրիարքութեան Երիցագոյն Եպիսկոպոս Նիկիոյ Քոնսթանթին Ս. Մետրոպոլիտ, Յունաց Դպրեվանուց Վանահայր եւ Պրուսայի Փրօֆ. Տքթ. Էլֆիտոֆորոս Ս. Մետրոպոլիտ, Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ եւ Միջկրօնական-Միջեկեղեցական Բաժանմունքի Տեսուչ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Ապտուլահատ Չանլը, Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեան, այլ հոգեւորականներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներ։

Հանդիսութեան խօսնակի պարտականութիւնը ստանձնեց՝ Ս. Գրոց Ընկերութեան Տնօրէն՝ Թամար Քարասու եւ բացման խօսքը կատարելէ յետոյ հրաւիրեց Պատրիարքական Աթոռոյ Արմաշ Դպրաց Խումբի անդամները, առաջնորդութեամբ՝ Բրշ. Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։

Խումբի երգած Ս. Պատարագի «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» երգէն յետոյ, Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հայրը որպէս հանդսիութեան հիւրընկալ՝ բարի գալստեան խօսք արտասանեց։ Սրբազան Հայրը, իր խօսքերուն մէջ ուրախութիւն յայտնեց տեսնելով նման տեսարան մը եւ մաղթեց որ այս մէկը շարունակուի ընդմիշտ, օրինակ հանդիսնալով նաեւ աշխարհի շատ մը հաւաքականութեանց։ Ինք եւս տեսած էր թէ կարեւոր աշխատութիւն մը կատարուած էր, որով քոյր եկեղեցիներ իրենց հաւատքի հիմնական սկզբունքները գրի առնելու յաջողութիւնը ունեցած էին ի մի համախմբուելով։ Այս աշխատութեան Անգլերէն թարգմանութիւնը կատարուած ըլլալով, աւելի լայն շրջանակներու մէջ ձայն պիտի բերէր։ Այնուհետեւ օրհնեց աշխատութեան իրեց մասնակցութիւնը բերողները եւ մաղթեց նորանոր նուաճումներ։

Տեղապահ Սրբազան Հօր բարի գալստեան խօսքէն յետոյ, յանուն Թուրքիոյ Եկեղեցիներու Հասարակաց Յանձնախումբի, բեմ հրաւիրուեցաւ Սահակ Սրբազան։ Նորին Սրբազնութիւնը, հանգամանօրէն տեղեկութիւններ տուաւ այս յանձնախումբի կազմութեան, աշխատութեան, գիրքի առաջին հրատարակութեան եւ հուսկ՝ Անգլերէնի թարգմանութեամբ հրատարակութեան մասին.

8Սրբազան Հայրը ի միջի այլոց ըսաւ. «Երբ 2015-ին Թրքերէնով լոյս տեսաւ այս աշխատութիւնը, լայն արձագանգ գտաւ ու կարիքը զգացինք զայն Անգալերէնի թարգմանելու։ Քրիստոնէական աշխարհի մէջ ինքնուրոյն այս աշխատութիւնը, Աստուծոյ կամքով ահա այս տարի հրատարակուեցաւ։ Միջեկեղեցական աշխատութեանց մասին մինչեւ այսօր բազում գիրքեր գրուեցան, բայց կրնանք ըսել թէ՝ ոչ մէկը այսօր բոլորիս առջեւ կանգնած այս գիրքի նշանակութիւնը ունեցած է։ Այսօր մենք անգամ մը եւս կը տեսնենք թէ՝ միջեկեղեցական աշխատութիւնները իրենց կարեւորութիւնը ունին ու պտուղ կուտան։ Ջուրը երբ կը տաքցնէք, կը կարծէք թէ նոյն ջուրն է եւ տարբերութիւնը արտաքնապէս չէք զգար։ Բայց երբ եռալ կը սկսի, ջուրը կը շոգիանայ, կը տեսնէք թէ փոփոխութիւն մը կայ։ Երբ մեր աղօթքները, երկխօսութիւնները, համատեղ աշխատութիւնները, եղբայրական կոչերը նկատի ունենաք կրնանք կարծել թէ աննպատակ յարաբերութիւններ են անոնք եւ աշխատութիւնները իրենց նպատակներուն շատ ալ չեն հասնիր։ Այս աշխատութեամբ տեսանք թէ՝ իւրաքանչիւր քայլափոխ իր ազդեցութիւնը ունեցած է եւ եկեղեցւոյ մէջ ի Քրիստոս եղբայրութեան գաղափարը իր պտուղը տուած է։ Միջեկեղացական շարժումը կը յիշեցնէ թէ ճիւղաւորումը բաժանում չի նշանակէր։ Մենք կը տեսնենք թէ՝ որքան ալ ճիւղաւորումներ եղած ըլլայ, Քրիստոսն է բոլորիս կապուած մարմինը եւ մենք ունինք հասարակաց հաւատք ի Քրիստոս։ Ահա, այս գիրքով մենք չենք ուրանար թէ՝ այդ ճիւղերու միջեւ տարբերութիւններ կան, բայց մենք կը շեշտենք տարբերութենէ աւելի նմանութիւնը»։

Սրբազան Հայրը պատմեց նաեւ թէ ինչպէս կազմուեցաւ այս յանձնախումբը, Պարթոլոմէոս եւ Մեսրոպ Պատրիարքներու օրհնութեամբ եւ քոյր եկեղեցիներու եւս մասնակցութեամբ։ Յանձնախումբը կազմուեցաւ ու բոլորս Քոնսթանթին Ս. Մետրոպոլիտի Ատենապետութեամբ կանոնաւորապէս հաւաքուեցանք։ Տարիներ անցան ու այս յանձնախումբին պտուղը կը վայելենք։ Մասնաւորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք այս գիրքի պատրաստութեան ու հրատարակութեան իրենց ներդրումը ունեցան։

10Սրբազան Հօր խօսքէն յետոյ բեմ ելաւ յանձնախումբի համակարգիչ՝ Տրդատ Քահանան եւ մի առ մի ծանօթացուց, յանձնախումբի անդամները. Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցէին Քոնսթանթին Ս. Մետրոպոլիտը, Էլֆիտոֆորոս Ս. Մետրոպոլիտը, որ հսկած է նաեւ թարգմանչական աշխատութեանց, Հայր Խրիսանտոս Վարդապետը, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիէն Զէքի Սրկ. Տէմիր, Կաթոլիկ Եկեղեցիէն՝ Միքայէլ Վրդ. Ուչան, Աւետարանական Եկեղեցիէն Պէհնան Քօնութկան եւ Իսա Քարաթաշ։ Տէր Հայրը, յիշեց նաեւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիէն՝ վախճանեալ Քորեպիսկոպոս Սամուէլ Աքտէմիրն ու Կաթոլիկ Եկեղեցիէն Հայր Քսավիէ Ժաքօպ Վարդապետը եւ կամքի անկախ պատճառներով անդամութենէ հեռացած Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիէն Հայր Տոսիթէոս Անակնոսթոփուլոս Քահանան եւ Կաթոլիկ Եկեղեցիէն՝ Յակոբ Սրկ. Մինասեանը։ Տէր Հայրը ծանօթացուց նաեւ Գիրքի Անգլերէն թարգմանութեան օժանդակողներ՝ Նաթալի Քօնութկանը, Կարօ Սարաֆն ու Տթք. Ճորճ Պրիսթոլը։ Գիրքի կողքը պատրաստեց Գեղանոյշ Էօզպաղ։

Հարկ է նշել թէ, յանձնախումբի աշխատութիւններուն յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս կը մասնակցին Սահակ Եպիսկոպոս, որ բացի գիրքի խմբագրութենէն հսկած է նաեւ թարգմանչական աշխատութեան, Յարութիւն Աբեղան, որպէս ատենադպիր եւ Տրդատ Քահանան, որպէս համակարգող։

Տէր Հօր ծանօթացումներէն յետոյ կրկին բեմ բարձրացաւ Արմաշ Երգչախումբը եւ երգեց Ս. Պատարագի «Օրհնեալ է Աստուած» երգը։ Ապա, յանուն եկեղեցիներու մի առ մի արտայայտուեցան Հոգեւոր Առաջնորդներ։ Յանուն Աւետարանական Եկեղեցիներու սոյն հանդիսութեան մասնակելու համար յատկապէս Պոլիս ժամանած Փրօֆ. Տթք. Թոմաս Շիրմախէր Եպիսկոպոս, որ կը հովանաւորէ Աւետարանական Եկեղեցւոյ միլիոնաւոր անդամները։ Թոմաս Շիրմախէր ի մասնաւորի յայտնեց թէ՝ երբ ամիս մը առաջ երբ Ն.Ս. Ֆրանսիսկոս Սրբազան Պապին այցելած եւ անդրադարձած էր թէ նման աշխատութիւն մը կը տարուի Պոլսոյ մէջ, որուն տեղեկանալով բաւական ոգեւորուած էր Սրբազան Քահանայապետը։ Սակայն եւ այնպէս երբ լսած էր թէ ովքե՞ր մաս կը կազմէին այս աշխատութեան, Ան չեր զարմացած։ Մեծայարգ հիւրը յայտնեց թէ ներկայ դարու միջեկեղեցական մտածելակերպին լոյս պիտի սփռէ այս աշխատութիւնը եւ վստահաբար պիտի յիշեցնէ շատերուն թէ՝ ի Քրիստոս ծառայութիւնը, մրցակցութիւններէ շատ աւելի կարեւոր է։

Ապա, արտայայտուեցան Մոնս. Ռուբէն Թիէրրապլանքա Ս. Եպիսկոպոս՝ յանուն Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Մոր Ֆիլիւքսինոս Արքեպս. Չէթին՝ յանուն Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ։ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչ բարձրաստիճան հոգեւորականներ գիրքի տպագրութիւնը ողջունեցին եւ կարճ ելոյթներով տարուած աշխատութիւնը գնահատեցին, միջեկեղեցական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը շեշտեցին եւ ըրին՝ բարեմաղթութիւններ։ Անոնք մասնաւորապէս մաղթեցին որ այս աշխատութիւնը աւելի ընդարձակուի ու իր օրինակը տարածուի տարբեր երկիրներու քրիստոնեայ համայնքներու մէջ եւս։

Իւրքանչիւր սրտի խօսքի աւարտին, ընթերցուեցան նաեւ աղօթքներ։

17Հանդիսութեան Հուսկ բանքը արտասանեց՝ Յունաց Պարթոլոմէոս Ս. Ծայրագոյն Պատրիարքը յանուն Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ։ Պատրիարք Սրբազանը մասնաւորապէս շեշտեց միջեկեղեցական համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ մաղթեց որ՝ փոխանակ տարբերութիւններու, հասարակաց լեզուն միշտ տարածուի եկեղեցիներէ ներս։ Այս լեզուի մէջ ներկայ է Քրիստոս, որպէս Փրկիչ՝ իր Խաչելութեամբ ու Յարութեամբ։ Իր խօսքերու աւարտին ըսաւ թէ՝ Ս. Գիրքն ու իր ոգին պէտք է լաւ հասկնալ եւ Իր մեծագոյն մաղթանքն է որ, այս գիրքի ընթերցողները զգան իրենց հաւատքին տուած պատասխանատուութիւնը։

Սրտի խօսքերու աւարտին, յանուն յանձնախումբի անդամներուն շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ Ասորի Պատրիարքական Փոխանորդարանի Ընդհանուր Քարտուղար Զէքի Սրկ. Տէմիր։ Ան մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգեւոր առաջնորդներուն, որոնք ո՛չ միայն քաջալերած էին տարուած աշխատանքը, այլ՝ իրենց օրհնաբեր ներկայութեամբ պատուած էին սոյն շնորահանդէսը։ Մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հօր, որուն հիւրընկալութեամբ Հայոց Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեց էր սոյն հանդէսը, Ս. Գրոց Ընկերութեան Տնօրէն Թամար Քարասուին, որ կատարած էր խօսնակի պարտականութիւնը, Ս. Գրոց Ընկերութեան, որ ստանձնած էր Գիրքի հրատարակութիւնը ու Արմաշ Դպրաց Խումբին, որ հանդիսութեան մասնակցած էր իր երգեցողութեամբ։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Արմաշ Երգչախումբի Երգած «Տէրունական Աղօթք»ով։ Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը, որով հիւրեր իրենց գոհունակութինն ու հրճուանքը յայտնելու առիթը գտան։

  • 2
  • 3
  • 4
  • 1
  • 6
  • 5
  • 8
  • 9
  • 7
  • 10
  • 13
  • 12
  • 11
  • 14
  • 16
  • 15
  • 17
  • 18
  • 19
  • 26
  • 20
  • 22
  • 21
  • 23
  • 24
  • 25