ՀԱՅՐԻ ԻՆԷՕՆԻԻԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

sisli belediyeՇիշլիի Քաղաքապետ Հայրի Ինէօնի, ընկերակցութեամբ Շիշլիի Քաղաքապետի օգնական Վազգէն Պարընի, 14 Սեպտեմբեր 2015, Երկուշաբթի, փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Քաղաքապետը, յետ ընտրութեանց երկրորդ անգամ կ՚այցելէր Պատրիարքարան։ Զրոյցի ընթացքին գաղափարի փոխանակումներ եղան Շիշլիի համայնքային հաստատութիւններու եւ Հայ համայնքի հետ առընչուած զանազան նիւթերու մասին։

Նորին Սրբազնութիւնը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ նուիրուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյ օժանդակութեամբ պատրաստուած Treasures of Faith գիրքէն նմուշ մը։