ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական

ermeni kilisesi gencՀայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութեան (ՀԵԵՄ) ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ միութեան կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն Գէորգ Մկրտիչեանի, 28 Փետրուար 2014, Ուրբաթ, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները տեղեկութիւններ փոխանցեցին ՀԵԵՄի մասին։ Միութիւնը կը գործէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ։ Գլխաւոր նպատակն է հոգեւոր եւ աւանդական գիտելիքներով զինուած երիտասարդներ հասցնել։ Միութեան անդամները, այս նպատակի իրագործման համար ծրագիրներ կը մշակեն եւ աշխատանքներու կը ձեռնարկեն։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց միութեան աշխատանքները։ Իր ուրախութիւնը յայտնեց տեսնելով երիտասարդներու Հայ Եկեղեցւոյ շուրջ համախմբումը։ Յայտնեց թէ լսած էր միութեան յաջող աշխատանքերուն մասին։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց միութեան անդամներուն, իրենց Աստուածահաճոյ գործունէութեանց մէջ։