ՀԱՆԳԻՍՏ ՏԷՐ ՍՏԵՓԱՆ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ԿՈՄԻԿԵԱՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

badiarkaran logoԵրեսունեւեօթնամեայ ժամանակաւ սպասաւորեալ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, երբեմնի հոգեւոր հովուին Հալըճըօղլուի Ս. Ստեփանոս, Ազգային Հիւանդանոցի Ս. Փրկիչ, Գումգաբու Դուրսի Ս. Յարութիւն, Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողոմէոս, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս, Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի, Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս եւ Էյուպի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Եղիա եկեղեցեաց քաղաքիս եւ երբեմնի անդամուն Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ փոխեցաւ առ Աստուած ի յոյս կենացն յաւիտենից ընդ հովանեաւ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի Ազգիս Հայոց յամին 2013, յ3ն Դեկտեմբերի յաւուրն Երեքշաբթւոյ, ի ժամու առաւօտեան յետ երկարատեւ հիւանդութեան։ Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի։

Մատչի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ յաւուրն Ուրբաթու, ի 6ն Դեկտեմբերի ի ժամ 10.30-ի եւ կատարի օծումն նորին, յԵկեղեցւոջ յանուն Ս. Վարդանանց, Ֆէրիգիւղ թաղի քաղաքիս եւ ամփոփի մարմինն ի գերեզմանատանն որ ի Պալըքլը։

Տէր լուսաւորեսցէ զհոգի վախճանեալ սպասաւորին, տացէ մխիթարութիւն զաւակաց Եկեղեցւոյ իւրում եւ յարուսցէ այլ մշակս ի հունձս իւր։

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

***

ՍՏԵՓԱՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԿՈՄԻԿԵԱՆ

der sdepanԱւազանի անունով Յովհաննէս, ծնած է 13 Յունուար 1932ին, Ստանպուլ։ Որդին է Յովհաննէս Քհնյ.ի եւ Տիգրանուհի Վերժին Անտոնեանի։ Կը մկրտուի Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ։ Կ՚ուսանի Պէզճեան Մայր եւ Օրթագիւղի Ս. Թարգմանչաց վարժարաններուն մէջ։ Զինուորական պարտականութիւնը կը կատարէ Անգարայի մէջ։ Կը փափաքի կուսակրօն եկեղեցական դառնալ եւ կը մեկնի Երուսաղէմ։ Սակայն ընտանեկան պատճառներով իր այս փափաքը չիրականանար եւ կþամուսնանայ Ալիս Տէմիրճիի հետ, 10 Դեկտեմբեր 1972ին։ Կ՚ունենան աղջիկ զաւակ մը՝ Վերժին։

Ուրար կրելու արտօնութիւնը կը ստանայ 30 Մայիս 1971ին, Շնորհք Պատրիարքէ՝ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ վրայ։ Սարկաւագ կը ձեռնադրուի 5 Յունիս 1976ին, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ՝ Շահան Եպիսկոպոս Սվաճեանի ձեռամբ։ Լծակիցն է Արշօ Նուրհան Հէքիմեան։ 14 Յունիս 1976ին Շնորհք Պատրիարքի ձեռամբ քահանայ կը ձեռնադրուի Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց Եկեղեցւոյ մէջ, Խասգիւղի Եկեղեցւոյ վրայ՝ օծակից ունենալով Պսակ Աւ. Քհնյ. Թէզէնլեանը եւ Իսահակ Աւ.  Քհնյ. Հէքիմեանը։

Հովուական պաշտօններ կը վարէ Հալըճըօղլուի, Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցի, Գումգաբու Դուրսի, Ենիգաբուի, Կէտիկփաշայի, Ենիգիւղի, Թօփգաբուի եւ Էյուպի զոյգ եկեղեցիներուն մէջ։ Անդամակցած է Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ եւ ընտրուած է Ազգային Պատգամաւորական Ժողովին։

Մարմնական տկարութեան պատճառաւ կը փափաքի հանգստեան կոչուիլ։ Կրօնական Ժողովի որոշմամբ, Շահան Արքեպս. Սվաճեանի ձեռամբ 26 Դեկտեմբեր 2009 թուականին կը ստանայ Աւագութեան պատիւ։