ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՐԷՃԷՊ ԹԱՅՅԻՊ ԷՐՏՈՂԱՆԻ 24 ԱՊՐԻԼԻ ԱՌԹԻՒ ՈՒՂԵՐՁԸ

Kategori: Փաստաթուղթեր

LOGO TR

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍԵՄ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՐԷՃԷՊ ԹԱՅՅԻՊ ԷՐՏՕՂԱՆԻ
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԱՄԵՆ. Տ.ՍԱՀԱԿ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ
ՈՒՂԱՐԿԱԾ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ամենապատիւ Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք
Հայ համայնքի թանկագին անդամներ,
Թանկագին հայրենակիցներս,

Ձեզ կ՚ողջունեմ սրտազեղ զգացումներով եւ սիրով։

Աշխարհի ժողովուրդներուն մեծ ցաւեր պատճառած Ա. Աշխարհամարտի դժուարին պայմաններուն ներքեւ իրենց կեանքը կորսնցուցած օսմանահայերը յարգանքով կը յիշատակեմ եւ իրենց թոռներուն կը յայտնեմ ցաւակցութիւններս։

Առանց ազգային ծագման, կրօնքի, լեզուի, գոյնի խտրութեան բոլորս անդամներն ենք մարդկութեան ընտանիքին։

Այս երկրին մէջ դարեր շարունակ միասնաբար խաղաղութեան մէջ միասնաբար կ՚ապրինք ու անդորրութիւն կը գտնենք մահիկ-աստղաւոր կարմիր դրօշին հովանիին տակ։

Մեզ իրարու քով պահողը ոչ շահու ակնկալութիւնն է, ոչ ալ՝ հաշիւներ։ Մեզ իրարու քով պահողը նոյն երկրին, նոյն արժէքներուն, նոյն վսեմ գաղափարականներու նկատմամբ մեր ունեցած անկեղծ հաւատարմութիւնն է։

Թուրքիոյ Հանրապետութեան հաւասար, ազատ եւ պատուարժան հայրենակիցները ըլլալ բոլորիս համար հպարտութեան առիթ է։

Հայ համայնքը երաժշտական եւ գեղարուեստի ունեցած ներդրումներու առընթեր, հասցուցած է բժիշկներ, ճարտարապետներ, իրաւաբաններ, գործի ու ասպարէզի տէր անհատներ որոնց գիտութեամբ եւ ճակտի քրտինքով մեր հասարակաց մշակոյթը հարստացած է ու զարգացած։

Չենք արտօներ, որ հարիւրաւոր տարիներու տեւողութեամբ ու մարդկութեան օրինակ հանդիսացած Թուրքերու եւ Հայերու համակեցութեան մշակոյթը մոռացութեան ենթարկուի։

Պատմաբաններու կողմէ կատարելի հարկաւոր վիճաբանութիւններուն, երրորդ կողմերու ջանքերով քաղաքակայնացումը ու անոնց մեր երկրին ուղղեալ որպէս միջամտութեան միջոց  ընկալումը, ոեւէ մէկուն օգուտ չէ բերած։

Կը հաւատամ, թէ լոկ անցեալ ժամանակներուն մեր հոգիներուն պատճառած ցաւերու վրայ ինքնութեանց կերտումը, նոր սերունդներու նկատմամբ մեծ անիրաւոութիւն մըն է։

Որպէս Թուրքեր եւ Հայեր այլեւս պէտք է յայտարարենք թէ բոլոր արգելքները միասնաբար անդրանձելու  հասունութեան հասած ենք։

Ինչպէս դուք ալ գիտէք, այս ուղութեամբ միշտ անկեղծութեամբ շարժեցանք, ու ջանացինք որ  հարցը իր ընթացքին մէջ լուծման հանգի։

Զանազան առիթներով միշտ արտայայտուեցանք, թէ պատրաստ ենք Հայաստանի հետ բարի դրացնութեան եւ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ մեր յարաբերութիւնները զարգացնելու։

Ղարապաղի տագնապին լուծումէն յետոյ մեր կոչը անգամ մը եւս բարձրաձայնելով  նորոգեցինք։

Նոյն կոչը կը կրկնեմ։

Ուրախութիւններու  բաժնեկցիլ, ցաւերուն՝ ցաւակցիլ,  պատմութենէն ուղիղ դասեր քաղելով  ապագայ կերտել մեր ձեռքն է։

Թուրքիան, այս ուղղութեամբ իր վրայ ինկած պատասխանատուութիւնները պիտի շարունակէ ի գործ դնել։

Մեր Հայ հայրենակիցները մեր ազգի անբաժան մէկ մասնիկն են. անոնց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեր երկրին տարած այս պայքարին  իրենց անկեղծ զօրակցութեան համար։

Այս խոհերով անգամ մը եւս յարգանքով կը յիշատակեմ Առաջին Աշխարհամարտին մեր կորսնցուցած օսմանահայերը, կը ցաւակցիմ  իրենց մերձաւորներուն, եւ Ձեզ՝ բոլորիդ կը փոխանցեմ սրտագին ողջոյններս ու սէրս։