ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԱԿԻՐՃ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

11260522_832134640168630_1664626966106369774_nՄօտաւորապէս 7 ամիս առաջ, Թունճէլիցի ընտանիքի մը զաւակները՝ Տերեւ (Եափրաք), Լիա (Կօնճա) եւ Գարին (Էլա), Պատրիարքական Աթոռ դիմեցին, իրենց նախնեաց կրօնքին վերադառնալու խնդրանքով։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս., ընդառաջելով այս խնդրանքին, Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանինի պաշտօն յանձնեց որպէսզի զիրենք  պատրաստէ Ս. Մկրտութեան, աւանդելով քրիստոնէական գիտելիքներ։ Երիտասարդներ, Տէր Հօր յայտնեցին թէ, իրենց ընտանիքներու երէց անդամները եւս կը փափաքէին իրենց նախնեաց կրօնքին վերադառնալ եւ մկրտուիլ։ Նկատի ունենալով այս մերձեցումն ու փափաքը Տէր Հայրը, զանոնք հրաւիրեց դասաւանդութեանց։

Երկու շաբաթ յետոյ, դասաւանդութեանց մասնակցեցան տասնեւերկու հոգի։ Սոյն զարգացումը փոխանցուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր։

Նորին Սրբազնութիւնը երկու ընտանիքներու բոլոր անդամները Պատրիարքարան հրաւիրելով, իրենց հետ ծանօթացաւ։ Ընտանիքի անդամները, ամէն Հինգշաբթի, կանոնաւորապէս դասաւանդութեանց մասնակցեցան։

Ս. Մկրտութեան Խորհրդակատութիւնը տեղի ունեցաւ, 9 Մայիս 2015, Շաբաթ, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ մէջ։ Ինը չափահաս եւ երեք երիտասարդներ մկրտուեցան։ Ապա, կատարուեցաւ երկու զոյգերու Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւնը։