ՀԷՅՊԷԼԻ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Kategori: Միջեկեղեցական

Untitled-1Այս շաբաթ, 6-9 Սեպտեմբեր թուականներու միջեւ, Հէյպէլի Կղզիի Յունաց Վանքին մէջ Յունաց Պատրիարքութեան եւ Եւորպայի Եկեղեցիներու Միութեան համագործակցութեամբ տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, նիւթ ունենալով կրօնքի եւ հաւատքի ազատութիւն։ Ժողովին ներկայ էին, քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներ ու համալսարանականներ։

Ժողովի նիստը բացուեցաւ 7 Սեպտեմբեր, Երկուշաբթի, ժամը 09.00-ին։ Եռօրեայ ժողովին, վերջին օրը, յանուն Հայոց Պատրիարքութեան, «Կրօնական Համայնքներուն կրօնքն ու հաւատքը զարգացնելու եւ պահպանելու ծիրէն ներս դերը» նիստին ներկայ եղաւ ու զեկոյցով հանդէս եկաւ Կղզեաց Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Հայ Սուրբը, իր խօսքերուն մէջ անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ կրօնքը եւ հաւատքը ամուր պահելու մասին։ Ի մասնաւորի խօսեցաւ Հայ Համայնքի առօրեայէն։ Ըսաւ թէ՝ Հայ Եկեղեցւոյ նման Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու գլխաւոր նպատակը պէտք է ըլլայ, նախ պահպանել իր կրօնքը եւ հաւատքը։ Իսկ, աւելի վերջ է, որ կրնայ մտածել զանոնք զարգացնելու մասին։

Իր խօսքերու աւարտին, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքերը յիշեց ու ըսաւ.«Երբ այս ժողովը կը գումարուի, նոյն ժամանակ Թուրքիոյ զանազան շրջաններուն մէջ ահռելի ու սոսկալի տեսարաններ կը պարզուին։ Վստահաբար բոլորդ այս դէպքերուն կը հետեւիք մեծ ցաւով։ Թուրքիան այսօր կարիքը ունի ի սրտէ բղխած աղօթքներու՝ նահատակ զինուորներուն, խաղաղութեան վերստին հաստատման եւ առողջ ապագայի տիրանալու համար։ Ուստի եկէ՛ք միասնաբար աղօթենք»։