ՀՀ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԷՆՀՐԱԺԵՐՏ ԱՌԱՒ

Kategori: Աշխարհական

Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Տքթ. Արսէն Աւագեան 4Մայիս Չորեքշաբթի երեկոյեան այցելութիւն տուաւ ՀայոցՊատրիարքարանը եւ ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօրկողմէ։

Տքթ. Աւագեան յայտնեց, որ այս մէկը իր վերջին այցելութիւնն էր քանի որ Պոլսոյ մէջ իր ծառայութեան օրերը աւարտին հասեր էին եւ 15Մայիսին արդէն իսկ իր պաշտօնը կը փոխանցէր ուրիշ դիւանագէտիմը՝ յանձին Պրն. Կարէն Միրզոյեանի։ Տքթ. Աւագեան ըսաւ, որ իրենհամար մեծ պատիւ էր այս վերջին տարիներուն ծառայել Ստանպուլի մէջ, քանի որ հոգ չէ թէ ՍԾՏՀԿ գծով՝ ինչ որ չափով Հայաստանի եւԹուրքիոյ փոխ-յարաբերութիւնները կարգաւորող գրասենեակի հիմնադիրն ու անդրանիկ վարիչն ըլալլու բախտը իրեն էր վիճակած եւսա պատմական դէպք էր։ Դիւանագիտական առաքելութիւնը իկատար ածուած էր կուրծք տալով առաջին տարիներու ինչ ինչդժուարութիւններուն, եւ հիմա ժամանակն էր հերթը փոխանցել նորներկայացուցչին։

Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց Տքթ. Աւագեանի կատարածաշխատանքը, յաջողութիւն մաղթեց իրեն Արտաքին ԳործոցՆախարարութեան մօտ իր նոր պաշտօնին մէջ եւ անգամ մը եւսթարգման հանդիսացաւ Թուրքիոյ հայերուն յոյսին՝ շուտովբարելաւուած տեսնելու Թուրքիա-Հայաստան փոխ-յարաբերութիւնները։