ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ. «ՓԱՌՔ ԳԱԼՍՏԵԱՆ ՔՈ Ս. ՀՈԳԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾ» ԸՍԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական

189930392_1853957071430834_764552340121176483_nՀոգեգալուստը, Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ կարեւորագոյն տօներէն մին է, որ ամէն տարի մեծ շուքով կը նշուի մեր եկեղեցիներուն մէջ։ Սակայն, թագաժահրի (քորոնա) համավարակի սահմանափակումներուն պատճառաւ այս տարի եւս կարելի չեղաւ ժողովուրդի մասնակցութեամբ նշել այս պանծալի յիշատակութիւնը։ Իսկ միւս կողմէ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, Հոգեգալստեան Տօնին առթիւ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ մատուցուեցաւ տօնական Ս. Պատարագ, զոր տեսասփռուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյս կայքէջերէն։

Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան մատոյց Ս. Պատարագը։ Արարողութեան մասնակցեցան Աթոռոյս միաբան հայրեր, քահանաներ, ժառանգաւոր սաներ եւ Արմաշ Դպրաց Խումբի անդամներ, ինչպէս նաեւ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Աթոռոյս Արմաշ Դպրաց Խումբի անդամներուն կողմէ, առաջնորդութեամբ եւ երեգեհոնահարութեամբ՝ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։191479550_1853957278097480_2782863348937894723_nՅընթացս Ս. Պատարագի Պատարագիչ Հայր Սուրբը կարդաց Ս. Յովհան Ոսկեբերանի՝ Հօր Աստուծոյ, Որդին Աստուծոյ եւ Ս. Հոգին Աստուծոյ ուղղուած աղօթքները։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ անդրադարձաւ Հոգեգալուստի Տօնի նշանակութեան եւ կարեւորութեան։ Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց, թէ եկեղեցւոյ հաստատման տարեդարձն է Հոգեգալուստը եւ այս պատճառաւ յատուկ նշանակութիւն կը զգենու քրիստոնեաներուս մօտ։ Այս տօնին, Քրիստոսի հետեւորդները ճշմարտապէս «Առաքեալ» կոչուած էին, քանի Ս. Հոգին այլեւս հրեղէն լեզուներու տեսքով յայտնուած ու հանգչած էր անոնց վրայ։ Այս տօնին մեծ հրաշքներ տեղի ունեցած էին Երուսաղէմի մէջ, որուն որպէս հետեւանք հարիւրներով անձեր Քրիստոնեայ դարձած ու մկրտուած էին։ Պատրիարք Հայրը, Ս. Գրային յիշատակութիւններ ընելէ յետոյ, մատնանշեց Ս. Հոգիին հանդէպ անհատական եւ հաւաքական շատերուս ունեցած տկարութիւնները։190995253_1853957318097476_4294673495498843520_nՊատրիարք Հայրը շարունակեց ըսելով. «Մեզմէ շատեր կը հպարտանան իրենց տաճարներով, աղօթքներով, հաւատքով, մշակոյթով եւ այլ արժեքներով, սակայն ընդհանրապէս կը մոռնանք Ս. Հոգիին ներկայութիւնը եւ կամ կը մերժենք Ս. Հոգիին ներգործութիւնը։ Քրիստոսի առաքեալները դառնալու գլխաւոր հրամայականն է Ս. Հոգին ընդունիլ եւ ճշմարտապէս դառնալ՝ Ս. Հոգիի Տաճար։ Մեր դժուարութեանց մէջ, շատ ատեն կը մոռնանք որ առաքեալները այլակերպելու զօրութեան տէր Ճշմարիտ Աստուած՝ Ս. Հոգին, կարող է նաեւ մեզի ներշնչելու, ուղղելու եւ խաղաղութիւն շնորհելու։ Ահա, Քրիստոս այս պատճառաւ իր առաքեալներուն թելադրած էր, որ սպասեն Ս. Հոգիի գալստեան»։

Պատրիարք Հայրը իր խօսքերուն մէջ ուրախութեամբ ողջունեց նաեւ Պատարագիչ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետի ներկայութիւնը եւ յայտնեց, թէ Աստուծոյ զօրութեան մեծագոյն ցուցիչներէն է Հայր Սուրբին առաւել եւս ապագինած վիճակով խորան բարձրանալը։ Մեր Հոգեւոր Պետը մաղթեց, որ Աստուած կատարեալ առողջութիւն շնորհէ Աթոռոյս միաբաններէն միոյն՝ Հայր Թաթուլին, որպէսզի ան շարունակէ իր ծառայութիւնը ի փառս Աստուծոյ։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր քարոզի աւարտին, յիշեցուց թէ՝ Հոգեգալուստը անուանակոչութեան տօնն է նաեւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ։ Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ Պէյօղլուի Եկեղեցւոյ ընդարձակ կարողութիւններուն եւ մաղթեց, որ հաստատութիւնը առաւել եւս օգտակար դառնայ մեր համայնքին։ Այս առթիւ, Սիմոն Չէքէմի գլխաւորած եկեղեցւոյ վարչութեան կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց։

Ս. Պատարագը իր աւարտին հասաւ, Նորին Ամենապատուութեան արտասանած «Պահպանիչ» աղօթքով ու վերջին օրհնութեամբ։

 

  • 189489761_1853957438097464_1140337803800251142_n
  • 189502448_1853957164764158_2562178811785821937_n
  • 189930392_1853957071430834_764552340121176483_n
  • 190995253_1853957318097476_4294673495498843520_n
  • 190670312_1853957381430803_7333057340429288466_n
  • 190229872_1853957348097473_6270078650452876981_n
  • 191064419_1853957218097486_956792572796920048_n
  • 191479550_1853957278097480_2782863348937894723_n