ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ՇԱՀԱՆ Ս. ԱՐՔԵՊՍ. ՍՎԱՃԵԱՆԻ

Kategori: Եկեղեցական

sahan sirpazan1 Ս. Եկեղեցեաց բազմամեայ քարոզիչ՝ Տ. Շահան Ս. Արքեպս. Սվաճեանի վախճանման քառասնից լրման առթիւ, Ս. Պատարագի մատուցմամբ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ,1 Նոյեմբեր 2013, Ուրբաթ, Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեան, Արժ. Տ. Տ. Գրիգոր Աւ., Սարգիս, Կորիւն, Զաքար եւ Յուսիկ Քահանայ հայրերը։

Ս. Պատարագը մատոյց՝ վախճանեալ Սրբազան Հօր ձեռնասուններէն՝ Արժ. Տ. Միւռոն Աւ. Քհնյ. Այվազեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բարեշնորհ Սարկաւագներ՝ Սեդրակ Տավութհան, Շահնուր Պիւյիւքայնա, Արթուն Տամատեան, Ուրարակիր Դպիրներ՝ Միսաք Չամեափան, Զարեհ Ազարեան եւ Արտա Տիւշէն։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Բրկ. Ատրուշան Ուր. Դպ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Լուսի Գահվէճիօղլուի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, քարոզեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ., որմէ յետոյ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Քարոզիչ Հայր Սուրբը բացատրեց «Սերմնացանին Առակ»ը եւ ըսաւ. «Առակին մէջ սերմերը կ՚իյնային չորս տարբեր վայրեր, որոնք կը ներկայացնէին չորս տարբեր նկարագրի տէր մարդիկը։ Սերմնացանը Աստուած էր, իսկ  սերմը՝ Աստուծոյ Խօսքը։ Առաջին սերմերը ճամբու եզերքը ինկան։ Աստեղ կը ներկայացուէր այն մարդը որ իր ականջը կը խցէր Աստուծոյ Խօսքին եւ երբեք կարելի չէր որ այդ խօսքը իր մէջ աճէր։ Երկրորդ սերմերը ինկան ժայռի վրայ։ Այստեղ աճիլ սկսաւ սակայն ատեն մը վերջ չորցաւ։ Այս կը նմանի այն մարդուն որ Աստուծոյ խօսքը կը լսէ, սակայն երբ աւելի հաճելի զբաղբունքներ ունենայ դիւրութեամբ կը մոռնայ զայն։ Երրորդ սերմերը ինկան փուշերու մէջ եւ երբ փուշերը իրենց հետ աճեցան սկսան խեղդել զայն։ Փուշերը կը տեսնենք որպէս կեանքի դժուրութիւնները եւ երբ իրեց հետ դեմ հանդիման գանք կրնանք դժուարանալ Աստուծոյ Խօսքը աճեցնել մեր սրտերուն մէջ։ Իսկ չորրորդ սերմերը ինկան պարարտ հողի վրայ եւ բուսնելով հարիւրապատիկ պտուղ տուին։ Այստեղ կը տեսնենք այն մարդը որ իր սիրտը բացած է Աստուծոյ եւ իր մէջ կ՚աճի Տիրոջ Խօսքը ու կը կատարէ բարի գործեր։

Վախճանեալ Շահան Սրբազան Հայրը նմանեցաւ այն մարդուն որ առակին մէջ կը ներկայացուէր որպէս պարարտ հող։ Ան, իր սիրտը բացաւ Աստուծոյ խօսքին։ Խօսքը աճեցաւ եւ սկսաւ պտուղներու վերածուիլ։ Իր պտուղները քաղցր եղան բոլոր անոնց համար, որոնք գիտեն գնահատել Սրբազան Հօր Աստուածահաճոյ ծառայութիւնը։ Ան, սկաւ Տիրոջ Խօսքը քարոզել ժողովուրդին, որպէսզի Աստուծոյ Խօսքը ցանուի ուրիշ պարարտ հողերուն։ Իր քարոզներուն գլխաւոր բնաբանը եղաւ «Սէր»ը։ Երբեմն սաստեց, երբեմն խրատեց, երբեմն հանդիմանեց։ Բայց այս բոլորը կատարեց հայրական մերձեցումով։  Այսօր, իր վախճանման քառասուն օրերը լրացած են եւ իր բացակայութիւնը օրէ օր աւելի զգալի կը դառնայ մեր ժողովուրդին համար։ Մաղթենք որ Աստուած վախճանեալ Սրբազան Հօր օրինակով նոր մշակներ հանէ»։

Ս. Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ Կիւլպէնկեան Սրահին մէջ սարքուեցաւ հոգեճաշի սեղան, որմէ յետոյ ներկայ հոգեւորականներու եւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ, վախճանեալ Շահան Սրբազան Հօր Սկիւտարի Գերեզմանատան մէջ այցելութիւն տրուեցաւ ընտանեկան դամբարանին եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։

Վախճանեալ Շահան Սրբազան Հօր հոգւոյն ի հանգիստ, 03 Նոյեմբեր 2013, Կիրակի, քաղաքիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Ս. Պատարագի աւարտին Հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի։