ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍՈՒՆ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Kategori: Եկեղեցական

hokevoraganlar toplu neteՀոգեւորականաց ամանորեան գոհաբանական աղօթքը այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ, ժամը 16.00ին։

Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասը հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի մուտք գործեցին Մայր Տաճար։ Այստեղ, տեղի ունեցաւ կանոնական երեկոյեան ժամերգութիւն։

Միասնաբար երգուած «Տէր Ողորմեա»է յետոյ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը լանջախաչ կրելու արտօնութիւն շնորհեց՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանի, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի եւ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի։

khac

khac 2Արարողութեան աւարտին, հոգեւորականաց թափօրը ուղղուեցաւ Պատրիարքարանի դահլիճը, ուր Արամ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց դասու ամանորեան հաւաքը։

toplu 1 neteՍրբազան Հայրը, Նոր Տարուայ առթիւ իր խօսքերուն մէջ ի միջի այլոց ըսաւ. «Անգամ մը եւս կը գնահատեմ ձեզ, որ ձեր կարողութեան սահմաններով ծառայութիւն մատուցանեցիք մեր եկեղեցիներու պայծառութեան եւ ժողովուրդի հոգեւոր մխիթարութեան համար։ Անցեալ ամանորին դժբախտաբար ցաւով անդրադարձած էի հոգեւորականներու կորուստի մասին։ Պատրիարքական Աթոռը 2013-ին կորուստը ունեցած էր իր երէց հոգեւորականներու վախճանումով եւ այս մէկը ցաւ պատճառած էր հոգեւորականց դասուն։ Իսկ այս տարի ուրախութիւնը ունիմ ըսելու թէ՛, 2014-ին եկեղեցական դասը զօրացած էր երեք հոգեւորականներով՝ յանձինս Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբեղայի, Արժ. Տ. Տ. Շիրվան եւ Շահէն քահանաներու ձեռնադրութեամբ։ Այսօր իրենց շնորհեցուեցաւ լանջախաչ կրելու արտօնութիւն։ Վստահ եմ թէ նոր ձեռնադրեալ հոգեւորականները աւելի եռանդով ու նոր թափով պիտի շարունակեն իրենց եկեղեցանուէր ծառայութիւնը։
Այժմէն կը շնորհաւորեմ Ամանորը, մաղթելով առողջութիւն ու կարողութիւն, որպէսզի Նոր Տարիին նորոգուած՝ նոյն ոգիով շարունակէք ձեր նուիրեալ ծառայութիւնը»։

Յանուն հոգեւորականաց դասու արտայայտուեցաւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Շնորհակալութիւն յայտնեց բարեմաղթութեանց համար եւ փոխադարձ շնորհաւորութիւններ յղեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր։ Նորին Սրբազնութիւնը անդրադարձաւ հոգեւորական դասու անդամներու յաճախակի հանդիպումներու կարեւորութիւնը, որով հոգեւորականնեու առիթ կ՚ընծայուէր զօրացման եւ զօրակցութեան։ Յիշեցուց թէ հոգեւորականը ներկայացուցիչն է եկեղեցւոյ, որուն զօրացման համար անհրաժեշտ է հոգեւորական դասու համագործակցութիւնը։ Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասու իւրաքանչիւր անդամին պարտ է զօրաւիգ կանգնիլ իր հոգեւոր եղբայրաներուն, նա մանաւանդ աղօթի ճամբով։ Հոգեւորականները հրաւիրեց նոր տարրին եւս աղօթել իրենց եղբայրներուն համար։

Հաւաքի աւարտին, տեղի ունեցաւ փոխադարձ շնորհաւորութիւններ։

Khac kahanalar