ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍՈՒՆ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Կրօնական

IMG_4639Հոգեւորականաց ամանորեան գոհաբանական աղօթքը 31 Դեկտեմբեր 2017. Կիրակի, տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ։ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէճքեանի նախագահութեամբ եկեղեցականաց դասը ժամը 15.00ին մուտք գործեց Մայր Տաճար, ուր տեղի ունեցաւ Երեկոյեան Ժամերգութիւն։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ միասնաբար երգուած «Տէր Ողորմեա»ով ու Տեղապահ Սրբազան Հօր օրհնութիւնով։

Արարողութեան աւարտին, հոգեւորականաց թափօրը ուղղուեցաւ Պատրիարքարանի դահլիճը, ուր Տեղապահ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց դասու ամանորեան հաւաքը։

IMG_4642 Տեղապահ Սրբազան Հայրը, այս առթիւ ներկայ հոգեւորականներուն Ամանորի պատգամը փոխանցեց։ Նորին Սրբազնութիւնը, յիշեցնելով 2017-ի իրադարձութիւնները, թելադրեց բոլոր հոգեւորականներուն որպէսզի յոյսով դիմաւորեն Ամանորը ու ըսաւ. «Հաւատք ունիմ թէ՝ եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած հարցերն ու նեղութիւնները ժամանակի ընթացքին, համբերութեամբ ու աշխատութեամբ իրենց լուծումները կը գտնեն»։ Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը թելադրեց, աւելի եւս աշխատանք տանիլ, որպէսզի աւելի եւս աշխուժանայ համայնքային կեանքը հոգեւոր ու մշակութային գետնի վրայ։ Այս առթիւ շեշտեց եկեղեցական կոչումի հնազանդ մնալով սիրոյ մթնոլորտի կարեւորութիւնը։ Սրբազան Հայրը, յայտնեց նաեւ թէ՝ յառաջիկայ օրերուն պիտի մեկնի Գերմանիա, մասնակցելու համար Թեմական Ժողովին։ Նորին Սրբազնութիւնը, հակիրճ տեղեկութիւն տուաւ այս այցելութեան բնոյթին մասին։ Իր խօսքերու աւարտին, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հոգեւորականներուն, իրենց տարած ծառայութեան համար ու մաղթեց կարողութեամբ լեցուն օրեր։

IMG_4643

Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, տեղեկութիւններ փոխանցեց Տիգրանակերտ տուած այցելութեան մասին, մասնաւորաբար ներկայացնելով Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ ներկայ վիճակը։ Յոյս յայտնեց թէ՝ ժամանակի ընթացքին վերստին կը բարեզարդուի։ Հաւաքոյթի ընթացքին, հոգեւոր հայրեր եւս իրենց բարեմաղթութիւնները յայտնեցին ու տեղի ունեցաւ փոխադարձ շնորհաւորութիւններ։

Հաւաքի աւարտին, Սրբազան Հայրը ներկաներուն նուիրեց Պատրիարքական Աթոռոյս 2018-ի օրացոյցը։