ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍՈՒՆ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Կրօնական,Համայնքային

81524552_1410664345760111_9174350602988158976_o

Հոգեւորականաց ամանորեան գոհաբանական աղօթքը 31 Դեկտեմբեր 2019, Երեքշաբթի, տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարքի նախագահութեամբ եկեղեցականաց դասը ժամը 16.00-ին մուտք գործեց Մայր Տաճար, ուր տեղի ունեցաւ Երեկոյեան Ժամերգութիւն։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ միասնաբար երգուած «Տէր Ողորմեա»ով ու Ընտրեալ Պատրիարք Սրբազան Հօր օրհնութիւնով։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Կաթոլիկ աստուածաբան հոգեւորականներէ բաղկացեալ ուխտաւորաց խումբ մը, որոնք նախապէս ալ այցելած էին Պատրիարքարան եւ Միջեկեղեցական Յարաբերութեանց պատասխանատու Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանէ տեղեկութիւններ ստացան Հայ Եկեղեցւոյ եւ Պատրիարքութեան մասին։

Արարողութեան աւարտին, հոգեւորականաց թափօրը ուղղուեցաւ Պատրիարքարանի դահլիճը, ուր Ընտրեալ Պատրիարք Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց դասու ամանորեան հաւաքը։

Ընտրեալ Պատրիարք Սրբազան Հայրը, այս առթիւ ներկայ հոգեւորականներուն Ամանորի պատգամը փոխանցեց։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց թէ՝ եկեղեցւոյ համար թէ՛ յուզումնալի եւ թէ՛ բերկրալի տարի մըն էր 2019 թուականը։ Նոյն տարուան մէջ վախճանած էր Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը։ Իսկ տարեվերջի մօտ, ժողովուրդի կողմէ երկար տարիներ սպասուած Պատրիարքական ընտրութինը յաջողած ըլլալով, Պատրիարքական Աթոռը տիրացած էր իր 85րդ գահակալին։ Աստուծոյ կամքով, ժողովուրդին եւ հոգեւորականաց միատեղ ընտրութեամբ, ինք ընտրուած էր այս պատասխանատու պաշտօնին։ Պատրիարք Հայրը շեշտեց թէ, եկեղեցին եւ համայնքը կը սպասէ համայնքի լիիրաւ կեդրոնը դառնալիք Պատրիարքարան մը, ուր պիտի համախմբուին համայնքի բոլոր անդամները։ Վստահութիւն յայտնեց թէ ապագայ բազում ծրագիրներ կեանքի պիտի կոչուին՝ Աթոռոյ հոգեւորականաց դասուն գործօն մասնակցութեամբ։ Այս առթիւ, Պատրիարք Հայրը ընդգծեց, թէ ընտրութեան շրջանը իր աւարտին հասած ըլլալով, եկեղեցականաց դասը այլեւս պատրաստ պէտք է ըլլայ հոգեւոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու։ Նորին Ամենապատուութիւնը մասնաւորապէս շեշտեց սերունդ կերտելու անհրաժեշտութիւնը եւ ըսաւ, թէ Պատրիարքական Աթոռը նուիրապետական աթոռներէն մին ըլլալով, պէտք է պատրաստէ նաեւ հոգեւորականներու ապագայ սերունդը։ Նոր տարին նման սպասումներով լեցուն է, ըսաւ Ան եւ մաղթեց որ կատարեալ յաջողութիւններով, նոր տարին իրապէս Պատրիարքական Աթոռոյ համար դառնայ յիշարժան տարի մը։

Հաւաքի աւարտին, Երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարքի հոգւոյն ի հանգիստ աղօթք արտասանուեցաւ։ Հաւաքը իր աւարտին հասաւ, Ընտրեալ Պատրիարք Սրբազան Հօր վերջին օրհնութեամբ, անուշապուրի հիւրասիրութեամբ եւ փոխադարձ շնորհաւորանքներով։