ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՆ ՓԷԼԻԹԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական

IMG-20150904-WA0000Հոգեւորականաց դասու անդամները,  գլխաւորութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ. Արքեպս. Աթէշեանի, 3 Սեպտեմբեր 2015, Հինգշաբթի, հիւրընկալուեցան «Փէլիթ» ծաղարանի Էսէնեուրթի գործարանին մէջ։ Քաղաքական գործիչ Մուսթաֆա Սարըկիւլի կարգադրութեամբ եւ ծաղարանի գործատիրոջ Սէլահատտին Այանի հիւրասիրութեամբ սարքուած ճաշկերոյթին, ներկայ էր նաեւ Վազգէն Պարըն։

Ճոխ սեղաններու շուրջ կատարուած հանդիպման աւարտին, ծաղարանի արտադրութեան բաժնի տնօրէն Պիւլէնթ Պաքիյի առաջնորդութեամբ ներկաներ առիթ ունեցան «Փէլիթ» ծաղարանի համալիրը շրջելու  եւ հակիրճ տեղեկութիւններ ստանալու։ 110.000 մեթր քառակուսի լայնատարածութեամբ համալիրը իր յառաջացած ճարտարարուեստով, Եւրոպայի ամենազարգացած հաստատութիւններէն մին է, յատկապէս տուրմի արտադրութեան մարզին մէջ։

Ծաղարանի համալիրին մէջ կը գտնուի հսկայ գործարան մը, ինչպէս նաեւ յատուկ սրահներ։ Համալիրը աշխատանոցէ աւելի կը նմանի պալատի մը, ուր որոշ բաժիններ յատկացուած են մանուկներու, որպէս խաղավայր։ Սրահ մը պատրաստուած է կարեւոր անձնաւորութիւններ կամ ժողովներու մասնակիցներ հիւրասիրելու համար։ Ծաղարանի ամենէն յատկանշական բաժինն էր, պատմական անուանի դէմքերու, աշխարհահռչակ կառոյցներու տուրմէ արձանները։

Շրջապտոյտի աւարտին ներկայ հոգեւորականներուն նուիրուեցան տուրմի ծրարներ։ Ապա, ներկաներ Սարըկիւլ եւ Այանին շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած ջերմ ընդունելութեան եւ հիւրասիրութեան համար։