ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ ՁՕՆՈՒԱԾ՝ ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԴԱՐԱԴԱՐՁԻՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

vartanants konser sinorhk 2Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան 100 ամեակի հանդիսութիւնները շարունակուեցան հոգեւոր համերգով մը։ Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած եւ Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, Երանաշնորհ Պատրիարքի դարադարձին ձօնուած հոգեւոր համերգը իրականացաւ 23 Մարտ 2014, Կիրակի գիշեր, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի։ Ներկայ էին նաեւ հիւրաբար քաղաքս գտնուող Թեհրանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արքեպս. Սարգիսեան, Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց ու սարկաւագաց դասերը, Վիեննական Մխիթարեան Միաբանութենէն՝ Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։ Եկեղեցին լեցուած էր հոծ բազմութեամբ, որ եկած էր յարգելու իր երանաշնորհ Հովուապետի բարի յիշատակը։ Հանդիսականներ եկեղեցւոյ դասին մէջ կը տեսնէին Շնորհք Պատրիարքի գեղեցիկ մեծադիր իւղանկարը, որ աշխատութիւնն է ծանօթ արուեստագէտ Էրօլ Սարաֆեանի։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ  Պատկ. Ըրօնական ոողովի Ատենապետ եւ Դպրաց Դասու Նախագահ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու յայտնեց թէ այս հոգեւոր համերգը Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան 100 ամեակին ձօնելի հանդիսութեանց երրորդն էր։ Առաջին համերգը, որ դարադարձի բացման հանդիսութիւնը եղած էր, Յարութիւն Էտվին Կալիպեանի եւ Արթիւր Պաղտասարեանի միատեղ համբերգն էր, տեղի ունեցած՝ Ս. Անթուան Լատին Եկեղեցւոյ մէջ։ Երկրորդ հանդիսութիւնն էր Սահակեան Դպրաց Դաս-Երգչախուբի Ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան Համերգը, որ կրկին ձօնուած էր Շնորհք Պատրիարքի 100-ամեակին։ Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս երգչախումբը եւս փափաքած էր հոգեւոր համերգ մը սարքել, ձօնելով զայն երանաշնորհ Հովուապետին։ Ինք կը յուսար որ, բազմաթիւ առիթներ եւս ստեղծուէին որպէսզի անթառամ մնար Շնորհք Պատրիարքի յիշատակը։

Հայր Սուրբը գեղեցիկ անակնկալով մը հանդէս եկաւ եւ ծանուցանեց որ Պատրիարքական Աթոռոյ Հրատարակչական Բաժանմունքի աշխատութեամբ հաստատուած «Շնորհք Պատրիարք Մատենաշար»ի առաջին գիրքը լոյս տեսած էր։ Այս առթիւ գիրքի առաջին օրինակը Բրշ. Վաղարշակ Սրկ.ի ձեռամբ, մատուցուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր։ Նկատելով որ Թեհրանի մէջ եւս արեւելահայերէնով տպագրուած էին Շնորհք Պատրիարքի գիրքերը, Գերշ. Տ. Սեպուհ Արքապս.ի եւս ընծայուեցաւ գիրքէն օրինակ մը։

Աւելի յետոյ պաստառի վրայ ցուցադրութիւնը կատարուեցաւ ժապաւէնի մը, ուր 25 տարիներ առաջ, դարձեալ Ֆէրիգիւղի մէջ կատարուած հոգեւոր համերգի մը աւարտին, հուսկ բանքը կը խօսէր Շնորհք Պատրիարք։ Ներկաներ մեծապէս յուզուեցան, երբ Պատրիարք Հօր ձայնը կը լսէին։

Աւելի յետոյ բեմ բարձրացան  Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամները, դեկավարութեամբ՝ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Լուսի Գահվէճիօղլուի։

Յայտագիրը սկսաւ «Ազգային Օրհներգ» եւ «Տէր Կէցո»ով։ Ապա երգուեցաւ Արա Պարթեւեանէ «Տէր Ողորմեա»ն՝ Յովսէփ Գույումճեանի մեներգով եւ «Քրիստոս ի մէջ»ը։ Անի Սարաճեան մեներգեց Մակար Եկմալեանի «Սուրբ Սուրբ»ը, ապա Լուսի Գահվէճիօղլու՝ «Ով Պարտիզպան»ը, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Սէսիլ Գահվէճիօղլուի։ Ապա երգուեցան «Stille Nacht»ը, Ալիս Շահինեանի մեներգով՝ «Լոյս Զուարթ»ը եւ «Լուսաւորչի Կանթեղ»ը, որոնցմէ յետոյ Անէթ Մէտհէրեան, Գրիգոր Թէրզեան եւ Լիտիա Տուրմազկիւլէր մեներգեցին Մակար Եկմալեանէ «Ամէն։ Հայր Սուրբ»ը։ Աւելի յետոյ երգուեցան, «Lacrimosa»ն, Բարսեղ Աթմաճեանէ «Յայս յարկ»ը՝ մեներգութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի, «Halleluja»ն եւ Արա Պարթեւեանէ «Գովեա Երուսաղէմ»ը։

vartanants konser sinorhk

Համերգի աւարտին հուսկ բանքը արտասանեց Գերշ. Տ. Սեպուհ Արքեպս. Սարգիսեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Արքեպս.ի, որ այսպիսի իմաստալից համերգի մը հուսկ բանքը խօսելու կարելիութիւնը իրէն ստեղծած էր։ Նորին Սրբազնութիւնը նշեց Շնորհք Պատրիարքի հետ իր ունեցած յուշերը։ Շնորհք Պատրիարք մօտաւորապէս 40 տարիներ առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Երանաշնորհ Խորէն Կաթողիկոսի հրաւէրով, մեկնած էր Անթիլիաս։ Այդ օրերուն իրեն նման երիտասարդ վարդապետներ հիացումով եւ սքանչացումով կը մօտենային Շնորհք Պատրիարքին, քանի որ նախապէս տեսած էին իր բազմաթիւ գիրքերը։ Ինք մաքրակրօն եկեղեցական մըն էր, եւ օրինակելի՝ բոլոր երիտասարդ հոգեւորականներուն համար։ Ուրախ էր որ լաւ հանդիպումով մը ներկայ ըլլալու առիթը կ՚ունենար, Շնորհք Պատրիարքի դարադարձին ձօնուած հոգեւոր համերգին։

Ապա անդրադարձաւ Ստանպուլի համայնքին, որ տակաւին տէր կը կանգնէր իր հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներուն։ Ստանպուլէն ելած էին տիտան դէմքեր, որպէս եկեղեցական եւ մտաւորական։ Այս եկեղեցականներէն մին էր Շնորհք Սրբազան Պատրիարքը։ Ս. Վարդանանց Երգչախումբը իր յաջող ելոյթով, լաւապէս կը փաստէր որ Ստանպուլը տակաւին իր պատնէշին վրայ էր։ Սրբազան Հայրը այս առթիւ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ քարոզիչը, հոգեւոր հովիւը, երգչախումբի վարիչը, երգեհոնահարուհին եւ անդամները։ Իր խօսքի աւարտին մաղթեց որ, Հայ Եկեղեցին անսասան մնայ հանդերձ իր նուիրապետական Աթոռներով, սպասաւորներով եւ  հաւատացեալ ժողովուրդով։

Հոգեւոր համերգը իր աւարտին հասաւ «Հայր Մեր»ով, որ ունկնդրուեցաւ յոտնկայս։