ՀՈԼԱՆՏԱՑԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Աշխարհական

LeidenՀոլանտացի համալսարանականներու խումբ մը, գլխաւորութեամբ իրենց դասախօս Տոց. Տքթ. Ցոլին Նալպանտեանի, 25 Մարտ 2013, Երկուշաբթի, ժամը 11.15-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Խումբը, կը բաղկանար Հոլանտայի Լէիտէն Համալսարանի սաներէն, որոնք Թուրքիա այցելած էին, իրենց ստացած դասերու հետ առնչուած նիւթերուն շուրջ պրպտում կատարելու։ Այս առումով, փափաքած էին քաղաքավարական այցելութիւն տալ Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնին։

Ցոլին Նալպանտեան ըսաւ թէ խումբի անդամներուն տեղեկութիւն կը տրուէր ի մէջ այլոց Թուրքիոյ եւ Ստանպուլի մասին։ Անոնք ո՛չ միայն ուզած էին շէնքեր տեսնել, այլ՝ Ստանպուլի առօրեայ կեանքը։ Այս այցելութիւնը իրենց համար առիթ պիտի ըլլար, ծանօթանալու համար Հայ համայնքին։

Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ տեղեկութիւն տուաւ Թուրքիոյ Հայ համայնքի, Հայ Եկեղեցւոյ ու Պատրիարքական Աթոռոյս պատմութեան, այժմու վիճակին մասին։ Նորին Սրբազնութիւնը յայտնեց թէ Հայ համայնքը փոքրամասութեանց մաս կը կազմէ։ Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունին նաեւ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներ։ Համայնքը, իր զանազան հաստատութիւններով կը շարունակէ պահել իր կենսունակութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն։ Խումբը ապա այցելեց, Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի անուան Թանգարանը։

Այցելութեան աւարտին հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Սրբազնութեան եւ մեկնեցան գոհ տպաւորութեամբ։