ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ԶԱՏԿԻ ՏԱՂԱՒԱՐԻՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

Քրիստոսի Ս. Յարութեան Տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի արտօնութեամբ, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան ընկերակցութեամբ Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեանի, հովուական այցելութիւն տուաւ Մալաթիոյ եւ Էլազըղի Հայ համայնքներուն։

ՄԱԼԱԹԻԱ

Գրիգոր Աւ. Քահանայ եւ Արթուն Սարկաւագ 8 Մայիս 2014, Երկուշաբթի առաւօտ, օդային ճամբով մեկնեցան Մալաթիա եւ դիմաւորուեցան Սարգիս Պօյաճըի կողմէ եւ առաջնորդուեցան իր մեծ հօր՝ Վահէ Պէնկիի բնակարանը։

Նոյն օրը,  ժամը 18.30-ին, Ս. Յարութիւն Աղօթարան Մատրան մէջ նախ կատարուեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն։ Համայնքի երիցագոյն եւ կրտսեր 12 անդամներ մասնակցեցան այս հոգեպարար արարողութեան։ Կը նշմարուէր թէ՛ մասնակիցներուն եւ թէ՛ հաւատացեալներուն յուզումն ու ուրախութիւնը, նկատելով որ ըստ համայնքի երիցագոյն անդամներու վկայութեան առաջին անգամ կը կատարուէր։

malatya zadig 2

Յետոյ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արթուն Սրկ., Սարգիս Պօյաճը, Արետ Պօյաճը, Ռոպէրթ Թապաշ եւ Ալէքս Թապաշ։ Նախ քան Տէրունական Աղօթքը Տէր Հայրը խօսեցաւ խրատական եւ յիշեցուց Քրիտոսի Ս. Յարութեան նկատմամբ հաստատ հաւատք ունենալու կարեւորութիւնը։ Ընդգծեց, թէ Աստուած Սուրբ Գրքին ընդմէջէն կը շարունակէ խօսիլ բոլոր հաւատացեալներուն եւ վառ կը պահէ  Աստուածսիրութեան եւ մարդասիրութեան  զգացումները։ Թելադրեց միշտ կարդալ Աստուծոյ Խօսքը, որ կարեւոր է մեր կեանքի ուրախ եւ տխուր պահերուն համար։ Տէր Հայրը իր խօսքին աւարտին յիշեցուց որ Ս. Յարութեան Տաղաւարը, նաեւ անուան տօնախմբութիւնն էր Ս. Յարութիւն Աղօթարան Մատրան։ Աստուծոյ գոհութիւն եւ փառք մատուցանեց որ, այս գողտրիկ աղօթատեղիին մէջ առաջին անգամը կը տօնուէր Ս. Յարութեան Տօնը։

maltya zadig

Յաւարտ Ս. Պատարագի մասնակից հաւատացեալներ, մութին մէջ մոմեր ի ձեռին եւ «Յարեաւ Քրիստոս» շարականի երգեցողութեամբ թափորով ուղղուեցան դէպի մատրան սրահը։ Այստեղ կատարուեցաւ «Տնօրհնէքի»ի արարողութիւն, որուն աւարտին  ներկայ հաւատացեալներ բոլորուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ։

Յաջորդ օր, ժամը 16.30ին յետ երեկոյեան ժամերգութեան կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանգուցեալ Մալաթիացիներու հոգւոցն ի հանգիստ։

ԷԼԱԶԸՂ

Չորեքշաբթի միջօրէին, Գրիգոր Աւ. Քհնյ. եւ Արթուն Սրկ,, ցամաքի ճամբով Սէրտար Պօյաճըի ընկերակցութեամբ ուղղուեցան Էլազըղ եւ հիւրասիրուեցան Ֆրաթ ընտանիքի բնակարանին մէջ։ Ժամը 19.30-ին քաղաքի հայ համայնքի անդամները մասնակցեցան մատուցուած առտնին Ս. Պատարագին։ Ապա, ներկաներ համախմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ, ուր խրատական խօսեցաւ Տէր Հայրը եւ թելադրեց կարեւորութիւն ընծայել Քրիստոսի պարապ թողած Ս. Գերեզմանէն տրուած աւետիսին, կատարեալ հաւատք ունենալ Քրիստոսի Ս. Յարութեան նորոգող զօրութեան։ Յիշեցուց Քրիստոսի «առանց ինծի ոչինչ կրնաք ընել» խօսքը եւ  շեշտեց Քրիստոսի Ս. Աւետարանին կարեւորութիւնը Աստուածահաճոյ վարք ունենալու համար։

elazig badarakՀինգշաբթի, ժամը 14.00-ին համանքի անդամներ համախմբուեցան Խուլվէնք Գիւղի Հայոց Գերեզմանատան մէջ, ուր կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանգուցեալ Էլազըղցիներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Արարողութեան աւարտին, ներկաներ բոլորուեցան հոգեճաշի սեղանին շուրջ։

elazig mezarlikԳերեզմանատան մէջ կատարուած արարողութենէն յետոյ Գրիգոր Աւագ Քահանան քաղաքավարական այցելութեամբ շնորհաւորեց քաղաքի Ասորւոց հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Մուշէ Տաղ Վարդապետը Քրիստոսի Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ։

Նոյն գիշեր ժամը 23.00-ին Գրիգոր Աւ. Քհնյ. եւ Արթուն Սրկ. օդային ճամբով վերադարձան Ստանպուլ։

Մալաթիոյ եւ Էլազըղի Հայ Համայքներու անդամները մեծապէս ուրախ էին, մասնակցած ըլլալով Ս. Զատկի առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագներուն եւ ստանալով՝ Ս. Հաղորդութիւն։ Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Պատրիարքական Աթոռոյ ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար։