ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ԶԱՏԿԻ ՏԱՂԱՒԱՐԻՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Եկեղեցական

Քրիստոսի Ս. Յարութեան Տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի արտօնութեամբ, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան հովուական այցելութիւն տուին Մալաթիոյ եւ Էլազըղի Հայ համայնքներուն։

malatya topluՄԱԼԱԹԻԱ
Տ. Յարութիւն Աբեղայ եւ Գրիգոր Աւ. Քահանայ 13 Ապրիլ 2015, Երկուշաբթի առաւօտ, օդային ճամբով մեկնեցան Մալաթիա եւ դիմաւորուեցան Սարգիս Պօյաճըի կողմէ եւ առաջնորդուեցան իր մեծ հօր՝ Վահէ Պէնկիի բնակարանը։

malatya vodinlivaՆոյն օրը,  ժամը 18.30-ին, քաղաքի գերեզմանատան Ս. Յարութիւն Աղօթարան Մատրան մէջ նախ կատարուեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն։ Համայնքի երիցագոյն եւ կրտսեր 12 անդամներ մասնակցեցան այս հոգեպարար արարողութեան։

Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Սարգիս Պօյաճը, Արետ Պօյաճը, Ռոպէրթ Թապաշ, Սեւան Թապաշ, Արտա Թապաշ, Իլեաս Պայյիղիթ, Ալէքս Թապաշ։ Ճաշու Գիրքը կարդաց Մարիամ Թապաշ։ Ս.Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի առաջնորդութեամբ խումբ մը Մալաթիացի երիտասարդ հաւատացեալներու։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը Հայր Սուրբը քարոզեց եւ յիշեցուց Քրիտոսի Ս. Յարութեան նկատմամբ հաստատ հաւատք ունենալու կարեւորութիւնը եւ Աստուծոյ Խօսքին թափանցելու անհրաժեշտութիւնը։ Հայր Սուրբը իր խօսքին աւարտին յիշեցուց որ Ս. Յարութեան Տաղաւարը, նաեւ անուան տօնախմբութիւնն էր Ս. Յարութիւն Աղօթարան Մատրան։ Աստուծոյ գոհութիւն եւ փառք մատուցանեց որ, այս գողտրիկ աղօթատեղիին մէջ անգամ մը եւս կը տօնուէր Ս. Յարութեան Տօնը։

malatya karozmalatya taporՅաւարտ Ս. Պատարագի մասնակից հաւատացեալներ, մութին մէջ մոմեր ի ձեռին եւ «Յարեաւ Քրիստոս» շարականի երգեցողութեամբ թափորով ուղղուեցան դէպի մատրան սրահը։ Այստեղ կատարուեցաւ «Տնօրհնէքի»ի արարողութիւն, որուն աւարտին  ներկայ հաւատացեալներ բոլորուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ։

malatya antasdanՅաջորդ օր, ժամը 16.30ին յետ երեկոյեան ժամերգութեան, կատարուեցաւ Անդաստանի արարողութիւն՝ մասնակցութեամբ Մալաթիացի երիտասարդներու։ Ապա գերեզմանատան մէջ կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանգուցեալ Մալաթիացիներու հոգւոցն ի հանգիստ։

ԱՐԱԲԿԻՐ
Չորեքշաբթի առաւօտուն, Հայր Սուրբը եւ Տէր Հայրը ընկերակցութեամբ Սէրտար Պօյաճըի ուղղուեցան Մալաթիոյ Արաբկիր գաւառակը։ Այցելութիւն տրուեցաւ Հայոց Գերեզմանատունը։ Պէտք է նշել, թէ գերեզմանատունը կը գտնուէր ներկայանալի վիճակի մը մէջ, բարեզարդուած՝ տեղւոյն քաղաքապետութեան եւ Արաբկիրցի ազգայիններու ջանքերով։ Գերեզմանատան մէջ կանգնուած քարեղէն խորանին առջեւ կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն, հանգուցեալ Արաբկիրցիներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Ապա այցելութիւն տրուեցաւ քաղաքաբնակ Սարգիս եւ Միքայէլ եղբայրներու բնակարանը, ուր կատարուեցաւ տնօրհնէք եւ մատակարարուեցաւ Ս. Հաղորդութիւն։ Երկու եղբայրներ իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին հոգեւոր հայրերուն։

arapgir
ԷԼԱԶԸՂ
Հայր Սուրբը, Տէր Հայրը եւ իրենց ընկերակիցը յետ միջօրէին Արաբկիրէն բաժնուեցան եւ ուղղուեցան Էլազըղ եւ հիւրասիրուեցան Եաղճը ընտանիքի բնակարանին մէջ։ Ժամը 20.00-ին քաղաքի հայ համայնքի անդամները մասնակցեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայի մատուցած առտնին Ս. Պատարագին։ Ս. Սեղանին Իսա Եաղմուր։ Ճաշու Գիրքը կարդաց Արման Եաղճը։ Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Հայր Սուրբը քարոզեց վեր առնելով Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան կարեւորութիւնը, հաւատքի կեանքի զօրացման համար։

elazig karozՀինգշաբթի, ժամը 12.30-ին համայնքի անդամներ համախմբուեցան Խուլվէնք Գիւղի Հայոց Գերեզմանատան մէջ, ուր կատարուեցաւ բացօթեայ անդաստան։ Ապա, Սուրբ Յարութեան եւ հանգստեան շարականներու երգեցողութեամբ կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանգուցեալ Էլազըղցիներու հոգւոցն ի հանգիստ։

elazig antasdanԳերեզմանատան մէջ կատարուած արարողութենէն յետոյ հոգեւոր հայրեր, քաղաքավարական այցելութեամբ շնորհաւորեցին քաղաքի Ասորւոց հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Մուշէ Տաղ Վարդապետը Քրիստոսի Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ։ Նաեւ, ցաւակցութիւն յայտնեցին Ասորւոց Հովիւին, որ իր եղբայրը կորսնցուցած էր Գերմանիոյ մէջ։ Տ. Մուշէ Վարդապետ, շնորհակալութիւն յայտնեց, ընծայուած շնորհաւորական եւ ցաւակցական այցելութեան համար։ Շնորհաւորեց նորապսակ Տ. Յարութիւն Աբեղան եւ յաջողութիւն մաղթեց իր հոգեւոր առաքելութեան մէջ։

Նոյն գիշեր ժամը 23.00-ին Տ. Յարութիւն Աբեղան եւ Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանան օդային ճամբով վերադարձան Ստանպուլ։

Մալաթիոյ, Արաբկիրի եւ Էլազըղի մերազն ժողովուրդը մեծապէս ուրախ էր, մասնակցած ըլլալով Ս. Զատկի առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագներուն եւ ստանալով՝ Ս. Հաղորդութիւն։ Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Պատրիարքական Աթոռոյ ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Սրբազան Հօր, որ պատշաճը տնօրինած էր սոյն այցելութիւններու կապակցութեամբ։