ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Եկեղեցական

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի արտօնութեամբ, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան ընկերակցութեամբ Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեանի, հովուական այցելութիւն տուաւ Մալաթիոյ եւ Էլազըղի Հայ համայնքներուն։

IMG_0669

ՄԱԼԱԹԻԱ
Գրիգոր Աւ. Քահանայ եւ Արթուն Սարկաւագ 13 Յունուար 2015, Երեքշաբթի, գիշեր օդային ճամբով մեկնեցան Մալաթիա եւ դիմաւորուեցան Սէրտար Պօյաճըի եւ Սարգիս, Արետ Պօյաճը եղբայրներու կողմէ եւ առաջնորդուեցան իր մեծ հօր՝ Վահէ Պէնկիի բնակարանը։

Չորեքշաբթի յետ միջօրէին, այցելեցին Մալաթիոյ Հայոց Գերեզմանատան Ս. Յարութիւն Աղօթարան Մատուրը, ուր կատարեցին պատրասկատան աշխատանքները։

IMG_0478Ժամը 16.00-ին Գերեզմանատան մէջ կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանգուցեալ Մալաթիացիներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Ճաշու ԳիրքՍ. ԱւետարանIMG_0544

 

 

 

 

 

 

Ժամը 17.00-ին, Ս. Յարութիւն Աղօթարան Մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արթուն Սրկ., Սարգիս Պօյաճը, Արետ Պօյաճը, Ալէքս Թապաշ եւ Մարիամ Թապաշ։։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը Տէր Հայրը փոխանցեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր ողջոյնները եւ խօսեցաւ խրատական մը անդրադառնալով հովիւներու տրուած աւետիսին։ Թելադրեց Աստուծոյ ներկայութենէն չխրտչիլ եւ փախուստ չտալ սրբութեան օրհնաբեր ներկայութենէն։ Այս առումով պէտք էր լսել հրեշտակներէն աւանդուած «մի՛ երկնչիք» խօսքին։

IMG_0562IMG_0640

IMG_0649

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէք, համայնքի անդամներէն Սէրտար Պօյաճըի կնքահայրութեամբ։ Ապա, հաւատացեալներ մութին մէջ մոմեր ի ձեռին հետեւեցան «Փառք ի բարձունս»ի արարողութեան։ Իսկ յետոյ, հաւատացեալներ, մանուկներ եւ պատանիներ, մոմեր ի ձեռին եւ «Խորհուրդ Մեծ» շարականի երգեցողութեամբ թափորով ուղղուեցան դէպի մատրան սրահը։ Այստեղ կատարուեցաւ «Տնօրհնէք»։ Հետաքրքրական էր որ, սուրբ սեղանի սպասաւորներ միասնաբար կ՚երգէին «Այսօր Տօն Է Սուրբ Ծննդեան» Տաղը։

IMG_0664IMG-20150117-WA0005IMG-20150117-WA0006Արարողութեան աւարտին  ներկայ հաւատացեալներ բոլորուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ եւ իրար շնորհաւորեցին ըսելով. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի»։

Հինգշաբթի առաւօտուն, Գրիգոր Աւ. Քհնյ. եւ Արթուն Սրկ., ցամաքի ճամբով Սէրտար Պօյաճը եւ տիկնոջ՝ Էլքա Պօյաճըի ընկերակցութեամբ ուղղուեցան Էլազըղ։

IMG_0698

ԷԼԱԶԸՂ
Հինգշաբթի յետ մէջօրէին Գրիգոր Աւ. Քհնյ. եւ Արթուն Սրկ., հասան Էլազըղ եւ հիւրասիրուեցան Ֆրաթ ընտանիքի բնակարանին մէջ։

IMG-20150115-WA0008IMG-20150115-WA0006Նոյն օրը ժամը 19.30-ին քաղաքի հայ համայնքի անդամները համախմբուեցան Լուի եւ Զիւմրիւթ քոյրերու բնակարանին մէջ, ու մասնակցեցան մատուցուած առտնին Ս. Պատարագին։ Աւարտին կատարուեցաւ Ջրօրհնէք, կնքահայրութեամբ Իսա Եաղմուրի։
Ապա, ներկաներ համախմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ։ Տէր Հայրը, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր ողջոյնները փոխանցելէ յետոյ խրատական խօսեցաւ ընդգծելով Քրիստոսի յայտնութեան կարեւորութիւնը։ Թելադրեց Ս. Ծնունդի առաջին աւետիսը ստացող հովիւներու օրինակին հետեւիլ ու առանց վարանելու փնտռել Աստուծոյ Խօսքը, հաղորդ դառնալու համար Անոր միջոցով տրուած յաւիտենական երջանկութեան խոստումին։

IMG_0717Ուրբաթ միջօրէին, հակառակ խստաշունչ օդին,համանքի անդամներէն ոմանք համախմբուեցան Խուլվէնք Գիւղի Հայոց Գերեզմանատան մէջ, ուր կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանգուցեալ Էլազըղցիներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Նոյն գիշեր ժամը 22.15-ին Գրիգոր Աւ. Քհնյ. եւ Արթուն Սրկ. օդային ճամբով վերադարձան Ստանպուլ։ Այցելութեանց ընթացքին Մալաթիոյ եւ Էլազըղի Հայ Համայքներու անդամները մեծապէս ուրախ էին, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տաղաւարի առթիւ կատարուած արարողութեանց մասնակցած ըլլալով։ Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Պատրիարքական Աթոռոյ ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար։