ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԵՆՏԵՐՈՒՆԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

iskenderun topluՊատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Տամատեան եւ Գէորգ Չնարեան Աւագ Քահանաներու, Բրշ. Վաղարշակ Սերովբեան, Արթուն Տամատեան եւ Էտվին Կալիպեան սարկաւագներու հովուական այցելութիւն տուաւ Իսկենտերունի համայնքին։ Հայր Սուրբը եւ իր հետեւորդները 20 Յունիս 2014, Ուրբաթ գիշեր օդային ճամբով հասան Անտիոք եւ դիմաւորուեցան Անտիոքի Ս. Եկեղեցեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի կողմէ եւ առաջնորդուեցան Իսկենտերուն։

iskenderun jamerkutyunՇաբաթ առաւօտ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի  Խոր Վիրապէն Ելքի տօնին առթիւ քաղաքի Ս. Քառասուն Մանկունք Եկեղեցւոյ մէջ, յետ կատարուած ժամերգութեան Ս. Պատարագ մատոյց Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Բրշ. Էտվին Սրկ. Կալիպեանի երգեհոնի ընկերակցութեամբ։ Արարողութեան մանակցեցան նաեւ Միացեալ Նահանգներէն ու Գանատայէն քսան հոգիէ բաղկացեալ խումբ մը հայ հաւատացեալներ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ.Վարդապետ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան քահանայ հայրերու եւ Իսկենտերունի երիտասարդ դպիրներու մասնակցութեամբ։ Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, կանոնական աղօթքներով սրբագործուեցան Տիար Մկրտիչ Սէրթշիմշէքի նուիրած վարդապետական եւ հովուական գաւազանները։ Ապա Հայր Սուրբը քարոզեց եւ շեշտեց Աստուծոյ նուիրուելու, ի փառս Աստուծոյ ծառայելու կարեւորութիւնը Քրիստոնէական հաւատքի պտղաբերման համար։ Ընդգծեց, թէ մեր հաւատքի հայրը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ինչպիսի նեղութեանց համբերած էր եւ իր հաւատքին պտուղը քաղելով արժանացած էր ժողովուրդը Ս. Աւետարանի լոյսով լուոսաւորելու պատիւին։ Գնահատեց եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի եւ մանաւանդ Հոգեւոր Հովիւին՝ Արժ. Տ.  Աւետիս Քահանայ Թապաշեանի տարած աշխատանքները, որուն շնորհիւ քաղաքի խումբ մը երիտասարդներ կ՛ընթերցէին ժամերգութեան քարոզները, կը մասնակցէին երգեցողութեան եւ կը iskenderun badarakսպասարկէին Ս. Սեղանին։ Յիշեցուց, հաւատքը բարի գործերով պսակելու կարեւորութիւնը եւ թելադրեց հաւատարիմ մնալ իրենց մկրտութեան ուխտին եւ եկեղեցւոյ քարեղէն շէնքը կենսաւորել Աստուծոյ կենդանի տաճարներուն՝ հաւատացեալներու ներկայութեամբ եւ աղօթակցութեամբ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ վիճակի վերջին առաջնորդին՝ Երջանկայիշատակ Խաթ Արքեպս, Աջապահեանի, եկեղեցւոյ գաւիթը  թաղուած Գրիգոր Քահանայ Մինասեանի, Սէրթշիմշէք եւ Ֆէսճեան ընտանիքներու ննջեցելոց հոգւոցն ի հանգիստ։

Յետ Ս. Պատարագի   ծխական խորհուրդի ատենապետ Տիար Կարպիս Գըսատուր, հիւր հոգեւորականները հիւրասիրեց ծովեզերեայ ճաշարանի մէջ սարքուած ճաշասեղանով։

iskenderun bisagՍ. ՊՍԱԿ՝ ԵՈՒՍՈՒՖ ԹԱՊԱՇ ԵՒ ՄԷՐԻ ԱՐԸՔԻ
Նոյն օրը, օրհնուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քահանայի եղբօր՝ Եուսուֆ Թապաշի Ս. Պսակը ընդ  Մէրի Արըքի։ Ս. Պսակի արարողութեան աւարտին Հայր Սուրբը խրատականով մը յիշեցուց հաւատքի կարեւորութիւնը ընտանեկան կեանքի բարւոք հունի մէջ ընթացման համար։ Թելադրեց Աստուծոյ Խօսքին կարեւորութիւն ընծայել եւ իրենց կեանքը հաստատել Աստուծոյ Խօսքին վրայ։ Ընդգծեց, թէ ընտանեկան կեանքին մէջ կարեւոր էր լքել անձնապաշտութիւնը եւ քալել՝ միասնականութեամբ եւ փոխադարձ սիրով ու յարգանքով։ Ամուսնացեալ զոյգը շնորհաւորեց եւ հաղորդեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի շնորհաւորութիւնները, խնդակցութիւններն ու բարեմաղթութիւնները։

Հայր Սուրբը եւ իր հետեւորդները նոյն գիշեր վերադարձան Ստանպուլ։