ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾ ԿՂԶԻԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Kategori: Եկեղեցական

Ընդառաջելով Մեծ Կղզի բնակող հաւատացեալ ժողովուրդիփափաքին, 16 Յուլիս 2005 Շաբաթ առաւօտ, հայածէս Ս. Պատարագմատուցուեցաւ Մեծ Կղզիի Ս. Փաչիֆիքօ Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյմէջ։ Մեծկղզեցի հայեր եւ միւս կղզիներէն ժամանած ուխտաւորներեկեղեցին լրիւ լեցուցած էին։

Ս. Պատարագը մատոյց Իշխանաց Կղզիներու հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Հ.Թաթուլ Աբղ. Անուշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին բարեշնորհսարկաւագներ՝ Վաղարշակ Սերովբեան, Սեւան Ճիւանեան, ՀայկՔոփարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան կղզեբնակ եւ ԳնալըԿղզիէն ժամանած դպիրներու կողմէ, առաջնորդութեամբ ուրարակիր Տիրան Դպիր Նէրկիզեանի։

Պատարագիչ Հայր Սուրբը Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց «Մարդու Որդին այս սերունդին նշան պիտի ըլլայ» (Ղուկաս 11.30) բնաբանով։ Հայր սուրբը շեշտեց Քրիստոսի կարեւորութիւնը մերկեանքէն ներս եւ անդրադարձաւ թէ Քրիստոս իմանալի ինչպիսի լոյսմը կը պարգեւէ մեր հոգիներուն։ Հայր սուրբը, ապա ամփոփ գիծերովթուեց լուսաւորուած մարդու մը յատկանիշները եւ ըսաւ, որ բաւարարպէտք չէ նկատել միայն լուսաւորուած ըլլալը, այլ նաեւ պայման է, որլուսաւորենք մեր շուրջինները, կատարենք բարի գործեր եւ միշտգոհութիւն տանք Աստուծոյ, թէ Քրիստոս կը ներգործէ մեր մէջ։