«ՀՐԱՇԱՓԱՌ»Ի ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Փաստաթուղթեր

12033190_496443637182191_5398601823563497110_n«Նիւթեղէն այս զանգուածը պատկերն է զարմանալի՝ երկնի Արարչիդ»։ (Նարեկ)

1 Հոկտեմբեր 2015, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին, Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հրաշափառի արարողութիւն, որով պիտի վերաբերուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ օրնուած Սրբալոյս Միւռոնը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս.ի հանդիսապետութեամբ կատարելի արարողութեան պիտի մասնակցին Պատրիարքական Աթոռոյս միաբան հայրերն ու քահանայ հայրերը։ Սիրով կը հրաւիրուին բարեպաշտ ժողովուրդը սոյն արարողութեան, ստանալու համար Նոր օրհնեալ Ս. Միւռոնի օրհնութիւնները։