ՀՐԷԻՑ ԽԱԽԱՄԱՊԵՏԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Կրօնական,Համայնքային,Միջկրօնական

Ընտրեալ Պատրիարք Ն.Ա.Տ. Սահակ Սրբազան Եպիսկոպոս՝ երէկ 16 Դեկտեմբեր 2019, Երկուշաբթի, ժամը 16.30-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Խախամապետ Ռավ Իցհաք Հալէվայի այցելութիւնը, որուն կ’ընկերանար Խախամապետարանի Դիւանապետը՝ Եուսուֆ Ալթընթաշ։

2019 HAHAMABED 2 

Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական Աթոռի Լուսարարապետ եւ Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

 

Խախամապետը յանուն Թուրքիոյ Հրեայ համայնքին շնորհաւորեց Նորին Ամենապատուութիւնը Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռին ընտրութեան առթիւ եւ յաջողութիւն մաղթեց իր պատասխանատու պաշտօնին մէջ։

2019 HAHAMABED 1

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն քաղաքավարական այցելութեան համար եւ փոխադարձ բարի մաղթանքներ յղեց Թուրքիոյ Հրեայ համայնքի անդամներուն։

 

Հիւրերը մօտ կէս ժամուան սիրալիր հանդիպումէ մը ետք մեկնեցան։