ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Փաստաթուղթեր

galataՂալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարժարանի խնամակալութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեանի, 15 Սեպտեմբեր 2015, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուներ տեղեկութիւն տուին եկեղեցւոյ եւ վարժարանի մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։ Զրոյցի ընթացքին, կալուածական խնդիրներու մասին գաղափարի փոխանակումներ եղան։ Ճշդուեցաւ նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարժարանի ի նպաստ կատարելի մատաղօրհնութեան թուականը։ 24 Յունուար 2016, Կիրակի, Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ պիտի մատուցուի Հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ, որմէ յետոյ Պէզճեան սրահին մէջ պիտի սարքուի սիրոյ սեղան։ Արամ Արքեպս. գնահատեց ներկաները, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։