ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

15977961_694387667387786_3867970950420127563_nՂալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարժարանի խնամակալութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեանի, 10 Յունուար 2017, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները յայտնեցին, որ 15 Յունուար 2017, Կիրակի, Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ պիտի մատուցուէր Հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ, որմէ յետոյ Պէզճեան սրահին մէջ պիտի սարքուէր սիրոյ սեղան ի նպաստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարժարանին։ Այցելուները, կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին նաեւ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի մէջ կատարուած աշխատութեանց, ինչպէս նաեւ վարժարանի հետ կապուած զանազան նեղութեանց մասին։

Արամ Արքեպս. ընդառաջեց եղած խնդրանքին, գնահատեց ներկաները, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։