ՃԻՆԻՇԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական

cinisyanՃինիշեան Հիմնարկի Ա.Մ.Ն-ու գրասենեակի պատասխանատու Էլիզա Մինասեան, ընկերակցութեամբ Ճինիշեան Հիմնարկի վարչութեան ներկայացուցիչներուն, 17 Յուլիս 2013, Չորեքշաբթի, ժամը 11.30-ին այցելեցին Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Մեծայարգ հիւրը եկած էր Ստանպուլ, քննելու համար հիմնարկի Թուրքիոյ մէջի գործունէութիւնը։ Հիմնարկը, այստեղ եւս կը շարունակէր իր գործունէութիւնը, որպէս բարեսիրական հաստատութիւն։  Ինքը կը գնահատէր տարուած սոյն աշխատանքը նաեւ տեղեկութիւններ տուաւ Ա.Մ.Ն-ի մէջ իրենց օժանդակութեան աշխատանքներուն մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը ուրախութիւնն յայտնեց Հիմնարկի Ա.Մ.Ն-ու ներկայ պատասխանատուին հետ ծանօթանալուն եւ շեշտեց բարեսիրական հաստատութեանց կարեւորութիւնն ու գնահատեց հիմնարկի գործակիցները եւ մաղթեց իրեն յաջողութիւն։