ՃՀՓ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան 6 Մարտ 2019, Չորեքշաբթի, ժամը՝ 14.30-ին ընդունեց ՃՀՓ Կուսակցութեան Պէշիկթաշի Քաղաքապետութեան թեկնածու Ահմէտ Քըլըճը։
Սոյն ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ նաև Նախկին Երեսփոխաններէն Միթհաթ Ալի Քապաալի։
Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն ու տեղեկութիւններ փոխանցեց Սկիւտարի հայութեան մասին։ Ան ներկայացուց նաև համայնքի ակնկալիքները։
Քաղաքապետութեան Թեկնածուն ըսաւ, թէ իրենց մերձեցումն էր հաւասարութեան հասկացողութիւնը և այդ ուղղութեամբ պիտի գործէր։

2019 USKUDAR CHP BELEDIYE BSK
Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց տրուած այցելութեան համար ու յաջողութիւն մաղթեց իրեն։