ՃՕՇՔՈՒՆ ԷՕԶՏԷՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

coskunԿղզեաց նախկին քաղաքապետ Ճօշքուն Էօզտէն, իր հետ ունենալով Հայրապետ Թօփլայըճըն, 18 Մարտ 2014, Երկուշաբթի, ժամը 13.00ին, փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Յարգարժան հիւրը յայտնեց որ յառաջիկայ ընտրութեան դրած է իր թեկնածութիւնը ԱՔ Կուսակցութենէն, Կղզեաց Քաղաքապետութեան համար։ Ան, նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց իր ծրագիրներուն մասին։