ՄԱԼԱԹԻԱ ՀԱՅՏԷՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

187745807_1848774861949055_2648945654205891482_nՆ.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 17 Մայիս 2021, Երկուշաբթի, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Մալաթիա Հայտէր Միութեան ատենապետ Նուրհան Կէզտիրիճին եւ վարչութեան անդամներէն Կարպիս Տուրասլանը, Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուն եւ Գէորգ Էօզքարակէօզը։ Հանդիպումին ներկայ էր Պատրիարքական Աթոռոյ Դիւանապետի օգնական Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանը։

Քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ հիւրերը տեղեկութիւններ փոխանցեցին միութեան գործունէութեան մասին եւ Նորին Ամենապատուութեան գաղափարները շօշափեցին։ Զրոյցի ընթացքին օրակարգի եկաւ Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ ի հիմանէ վերանորոգման աշխատանքներու զարգացումները։ Անոնք յայտնեցին թէ տեղւոյն քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ կը յառաջանան վերանորագութեան աշխատութիւնները ու գործունէութեան մասին տեղեակ պահեցին Պատրիարք Հայրը։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց տրուած այցելութեան համար եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց վերանորոգութեան աշխատանքներու կապակցութեամբ ու բարեմաղթութիւններ ըրաւ։