ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Համայնքային

120551200_1650690345090842_2949551905626989524_o

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 1 Հոկտեմբեր 2020, Հինգշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանի եւ Ատենապետ՝ Հրանդ Մոսկոֆեանի։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ 11 Հոկտեմբեր 2020, Կիրակի պիտի կատարուի եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Այցելուները, սոյն հանդիսութեանց նախագահելու համար հրաւիրեցին Պատրիարք Սրբազան Հայրը։ Անոնք տեղեկութիւն տուին նաեւ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի գործունէութեանց մասին։

Մեր Հոգեւոր Պետը, հիւրերը ողջունեց եւ յայտնեց թէ Քորոնա Համավարակի օրերուն մատաղօրհնութիւնները բնականաբար տարբեր տրամադրութեամբ պիտի կատարուէին։ Մինչ այդ յատկապէս համավարակի շրջանին տնտեսական նեղութիւնները առաւել եւս զգալի դառնալ սկսած էին։ Սակայն, այս տխուր մթնոլորտին մէջ գնահատելի էին եկեղեցւոյ վարչութեան անդամներուն ջանասիրութիւնը, որով առաւել եւս մեծ կորովով կ՚աշխատէին նիւթապէս եւ բարոյապէս նպաստելու համար Մայր Տաճարին եւ իրենց կից՝ Պէզճեան Վարժարանին։ Պատրիարք Հայրը, օրհնեց ներկաները եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց, իրենց գործունէութեանց մէջ։