ՄԱՐԱԼ ԵՐԳԻ ՊԱՐԻ ԱՆՄԱՄՊԼԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

maralԷսաեան Սանուց Միութեան «Մարալ» Երգի Պարի Անսամպլի ներկայացուցիչները, 20 Յունուար 2013, Երկուշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները «Մարալ»ի հիմնադրութեան 35-ամեակի առթիւ մշակուած ծրագիրները Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր ներկայացուցին եւ խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը։ 23 Փետրուար 2014, Կիրակի օր Էսաեան Սանուց Միութեան մէջ բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ եւ ներկաներուն պիտի ծանօթացուի 35-ամեակի ծրագիրները։ Խումբը, տարեվերջին սարքելի հանդիսութեամբ պիտի ներկայանայ մշակութասէր ժողովուրդին։ Անոնք տեղեկութիւն տուին նաեւ խումբի աշխատանքներու մասին։ «Մարալ»ը այժմ ունի աւելի քան 200 անդամներ, որոնք լրջօրէն կը շարունակեն իրենց աշխատութեանց։

Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար, այժմէն շնորհաւորեց  եւ կարողութիւն մաղթեց «Մարալ»ի անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։