ՄԱՐԱԼ ԵՐԳԻ ՊԱՐԻ ԱՆՄԱՄՊԼԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

Էսաեան Սանուց Միութեան վարչութենէն Մարիամ Տրամէրեան եւ Էսաեան Սանուց Միութեան «Մարալ» Երգի Պարի Անսամպլի պարուսոյց Կարպիս Չափքան, 8 Սեպտեմբեր 2015, Երեքշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները, տեղեկացուցին թէ, «Մարալ» Երգի Պարի Անսամպլի հիմնադրութեան 35-ամեակի առթիւ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան հրաւէրով 23 Սեպտեմբեր, Չորեքշաբթի օր, խումբը պիտի մեկնի Հայաստան։ Խումբին մաս պիտի կազմեն 37 հոգի, որոնցմէ 15 հոգի առաջին անգամ պիտի այցելէ Հայաստան։ Իսկ, 26 Սեպտեմբեր, Շաբաթ, «Կարէն Տէմիրճեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ իրենց ելոյթը։ Այցելուները, սոյն հանդիսութեան հրաւիրեցին Նորին Սրբազնութիւնը, որ Միւռոնօրհնութեան առթիւ ինք եւս պիտի մեկնի Հայաստան։

Արամ Արքեպս., իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն այցելութեան համար, այժմէն շնորհաւորեց  եւ կարողութիւն մաղթեց «Մարալ»ի անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։