ՄԱՐԱԼ ԵՐԳԻ ՊԱՐԻ ԱՆՄԱՄՊԼԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

12801423_545102955649592_247247766872833853_nՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 29 Փետրուար 2016, Երկուշաբթի, ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Յարութիւն Քուրանի գլխաւորութեամբ, Էսաեան Սանուց Միութեան «Մարալ» Երգի Պարի Անսամպլի երիտասարդաց խումբի ներկայացուցիչները ։ Յիշեալ խումբը նախապէս Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը ապահովելով, մշակութային գետնի վրայ աշխատանքի մը ձեռնարկած էր։

Այցելուներ տեղեկութիւն փոխանցեցին իրենց աշխատանքին մասին։ Խումբի նպատակն է, համայնքային վարժարաններու 7րդ եւ 8րդ դասարաններու աշակերտներուն առիթներ ստեղծել, որպէսզի անոնք կարենան մտերմանալ մշակոյթին եւ իրենց մասնակցութիւնը բերեն՝ գեղարուեստական ձեռնարկներուն։ Կը ծրագրուի յիշեալ աշակերտներու մասնակցութեամբ յետագային կազմակերպել միջվարժարանային մրցում մը, որ առիթ պիտի հանդիսանայ ցուցադրել աշակերտներու տաղանդները, իրենց սորուած երգերն ու պարերը։

Սրբազան Հայրը, գնահատեց երիտասարդաց տարած այս աշխատանքը։ Անոնք, սիրայօժար ծառայութիւն կը մատուցանէին եւ կ՚աշխատէին համայնքի մանուկներուն ու երիտասարդներուն սիրցնել մեր թանկագին մշակոյթը, երգն ու պարը։ Այցելուներ, Նորին Սրբազնութեան խրախուսական խօսքերը եւ գնահատութիւնները լսելէ յետոյ, քաջալերուած ոգիով մեկնեցան Պատրիարքարանէ։