ՄԱՐԱԼ ԵՐԳԻ ՊԱՐԻ ԱՆՄԱՄՊԼԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

MaralԷսաեան Սանուց Միութեան վարչութենէն Մարիամ Տրամէրեան եւ Էսաեան Սանուց Միութեան «Մարալ» Երգի Պարի Անսամպլի պարուսոյց Կարպիս Չափքան, 9 Հոկտեմբեր 2014, Չորեքշաբթի, ժամը 10.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները, տեղեկացուցին թէ, «Մարալ» Երգի Պարի Անսամպլի հիմնադրութեան 35-ամեակի առթիւ 14 Դեկտեմբեր 2014, Կիրակի օր հանդիսութիւնը մը տեղի պիտի ունենայ եւ խումբը պիտի ներկայանայ մշակութասէր ժողովուրդին։ Անոնք խումբի աշխատանքներու մասին տեղեկութիւն տուին եւ հանդիսութեան համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։

Նորին Սրբազնութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց սոյն աշխատանքին համար, այժմէն կարողութիւն մաղթեց «Մարալ»ի անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։