ՄԱՐԱԼ ԵՐԳԻ ՊԱՐԻ ԱՆՍԱՄՊԼԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Մարալ Երգի Պարի Անսամպլի ներկայացուցիչները, 10 Փետրուար 2020, Երկուշաբթի, ժամը՝ 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Հօր կողմէ։

 

Այցելուներ, քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ շնորհաւորեցին մեր Հոգեւոր Պետը, յաջողութիւն մաղթեցին Նորին Ամենապատուութեան եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց գործունէութեանց մասին։ Անոնք անգամ մը եւս հաւաստիացուցին թէ՝ Անսամպլը, երիտասարդներուն մեր մշակոյթը ներարկելու  ճամբով իր ծառայութեան պիտի շարունակէ յօգուտ համայնքին։

2020 MARAL

Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան առիթով։ Նաեւ կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց վարչայիններուն իրենց պաշտօնին մէջ։