ՄԱՐԱԼ ԵՐԳԻ ՊԱՐԻ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

12698701_538371759656045_4124990754124666234_oՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան,9 Փետրուար 2016, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Մարալ Երգի Պարի Միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները։

Այցելուները, տեղեկացուցին թէ Մարալ Միութեան կազմակերպութեամբ, 1 Մարտ 2016, Երեքշաբթի, Պէշիքթաշի Մուսթաֆա Քէմալ Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ պիտի բեմադրուի «Արա եւ Շամիրամ» ներկայացումը։ Աշխատութիւններու գլխաւոր ղեկավարն է յայտնի արուեստագէտ Անի Իփէքքայան, օգնական ունենալով՝ Լեռնա Փափազեանը։ Այցելուներ, Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեցին սոյն հանդիսութեան։

Արամ Արքեպս., իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն այցելութեան համար, այժմէն շնորհաւորեց եւ կարողութիւն մաղթեց «Մարալ Միութեան» անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։

Կը նշուի նաեւ թէ Մարալ Երգի Պարի Միութիւնը պէտք չէ շփոթել, Էսայեան Սանուց Միութեան «Մարալ» Երգի Պարի Անսամպլի հետ։