ՄԱՐԱԼ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, 26 Նոյեմբեր 2019, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին ընդունեց Մարալ Միութեան վարչայինները՝ առաջնորդութեամբ Արման Տօնէրեանի։

 

Հիւրերը տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց գործունէութեանց ու ծրագիրներուն մասին։

2019 MARAL DERNEK

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։