ՄԱՐԳԱՐ ԷՍԱՅԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

Markar EsayanԱՔ Կուսակցութենէն Ստանպուլի երեսփոխանութեան թեկնածուներէն՝ Մարգար Էսայեան, 30 Ապրիլ 2015, Հինգշաբթի, փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Յարգարժան հիւրը տեղեկութիւններ փոխանցեց իր ծրագիրներուն մասին։ Սրբազան Հայրը ուրախութիւնը յայտնեց, որպէս Հայ երեսփոխանութեան թեկնածու մը տեսնելով եւ Մարգար Էսայեանին յաջողութիւն մաղթեց իր ապագայ գործունէութեանց մէջ։