ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

268http://www.normarmara.com/marmara.htm
http://www.metrohaber.com/index.php?islem=detay&id=1041
Մարդկային Իրաւունքներու Միութեան Ստանպուլի մասնաճիւղը հրապարա-կեց հաղորդագրութիւն մը, որով իշխանութիւնները պաշտօնի կը հրաւիրէ արգելք ըլլալու համար այն անհանգստութիւններուն, զորս այցելուներ կը պատճառեն Գնալը Կղզիի ոչ-իսլամ  հայրենակիցներուն։
Մարդկային Իրաւունքներու Միութիւնը, նկատի առնելով վերջերս այս նիւթի շուրջ հոսկէ-հոնկէ բարձրացող գանգատները (առաջին ազդանշանը տրուած էր մեր թերթին՝ Մարմարա-ի կողմէ) պահանջքը զգացած է իշխանութիւնները պարտականութեան գլուխ հրաւիրելու այս ցաւոտ հարցով։
Հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ կþըսուի որ դարերէ ի վեր Գնալըի մէջ բնակութիւն հաստատած ոչ-իսլամ բնակչութիւնը միջոցէ մը ի վեր դուրսէն Կղզի եկող անձերու ոտնձգութեան ենթակայ է։ Դիտել կը տրուի որ ծովեզերեայ վայրերու մէջ կը պատահին այնպիսի անհաճոյ պատահարներ ինչպիսին են խօսք նետել, նախատել, ոչ-իսլամ բնակիչներու դռները զարնել, այդ տուներու ճե¬միշները, աւազանները կամ պատշգամները գործածել ուզել, «կը բաւէ, քիչ մըն ալ մենք օգտուինք» նախադասութեան նման յարձակողական արտա¬յայ¬տու¬թիւններ ունենալ։ Տուներէ ներս անձամբ կատարուած այսպիսի միջա¬մտու¬թիւններ մեծ անհանգստութիւն ստեղծած են կղզիի բնակիչներուն մօտ։
Բացի ասկէ, իսլամական տարազի տակ ծածկուած կին գործիչներ նախապէս որոշուած քրիստոնեաներու հասցէներու դռները կը զարնեն, կը ստիպեն որ ներս հրաւիրուին եւ տան բնակիչները իսլամ կրօնքին հրաւիրելու քարոզութիւններ կþընեն, հատուածներ կը կարդան Քուրանէն։
Բազմաթիւ ընտանիքներ, վախնալով հակազդեցութիւններէ, կը ստիպուին ներս հրամցնել զանոնք եւ մտիկ ընել անոնց քարոզութիւնը։ Եկեղեցւոյ ելքի դրան առջեւ ալ ժողովուրդին կը բաժնուին իսլամ կրօնքի քարոզչութեան մասին «Հաքիքաթ» հրատարակչատան կողմէ լոյս ընծայուած պրոշիւրներ։ Այսպ¬իսի գրքոյկներու եկեղեցիի մը դրան առջեւ գործածուիլը «յանցա-գործութիւն» կը նկատուի եւ կþանհանգստացնէ իրենց պաշտամունքին համար եկեղեցի գացած քրիստոնեայ հայրենակիցները։
Հակառակ որ նմանօրինակ ոտնձգութիւններու ընթացքին երբեմն բախումներ ալ կը պատահին եւ ոմանք կը վիրաւորուին, բնակիչները, միշտ վախնալով հակազդեցութիւններէ, կը խուսափին ապա¬հովութեան պաշտօնեաներու գանգատ ներկայացնելէ։ Հաղորդագրութեան վերջ-աւորութեան Մարդկային Իրաւունքներու Միութեան Ստանպուլի մասնաճիւղը իշխանութիւնները կը հրաւիրէ դէպքերու մասին քննութիւն կատարելու, խօսելու կղզիի բնակիչներուն հետ, նոյնիսկ ստեղծելու մարդկային իրաւունքներու պաշտպաններէ բաղկացեալ դիտորդներու յանձնաժողով մը, եւ դիմելու ամէն միջոցի՝ որպէսզի վերջ տրուի նմանօրինակ ոտնձգութիւններու։