ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

12472569_563076270518927_5076923671233074506_nՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 5 Ապրիլ 2016, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Հայկարամ Քարասու եւ Շահնուր Գազանճըի գլխաւորութեամբ մարզիկներ Սեւան Տէվլէթեան, Պուրակ Էլվան, Հերման Պիպէրեան, Արտէն Օլկունտէմիր, Արման Հուպեսէրեան, Արտա Տօնիկօղլու եւ Ռոպին Միրզախանեանը։

Սոյն մարզիկներու խումբը, այս տարի Հոլլանտաի Ամսթէրտամ քաղաքի մէջ տեղի ունեցած «Euro Armenian Games» մարզախաղերուն, Պոլսահայ համայնքի անունով մասնակցած էին։ Անոնք, Ֆուտսալի խաղերուն երկրորդութիւն շահած ըլլալով՝ բաժակ բարձրացնելու արժանացած էին։ Մարզիկները ուզած էին, իրենց ուրախութեան մասնակից դարձնել նաեւ Փոխանորդ Սրբազան Հայրը։

Սոյն մարզախաղերուն Եւրոպայի զանազան երկիրներէն Հայ մարզիկներու խումբեր մասնակցած են։ Իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Թրքահայ համայնքի այլ միութիւններէն մարզախումբեր։

Մարզիկներ առաջին անգամ մասնակցած ըլլալով նման մարզախաղի մը, իրենց տպաւորութիւները փոխանցեցին Սրբազան Հօր։ Արամ Արքեպս. գնահատելով օրհնեց մարզիկները իրենց ձեռք բերած այս յաղթանակին համար եւ մաղթեց որ իրենց յաջողութիւնն ու ուրախութիւնը տեւական ըլլայ։

Մարզիկներ, ընծայուած հիւրասիրութեան շնորհակալութիւն յայտնելով մեկնեցան Պատրիարքարանէն։