ՄԱՐՄԱՐԻՍ ՖԻԼԱՐՄՕՆԻ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

12646835_536580639835157_906810661632395641_oՄարմարիս Ֆիլարմօնի Միութեան վարչութեան ատենապետ Ահմէտ Ալթընէօզ, ընկերակցութեամբ Նուարդ Անդրէասեանի եւ Մուրատ Կիւրօլի, 5 Փետրուար 2016, Ուրբաթ, ժամը 11.00ին, փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուներ, տեղեկութիւն տուին միութեան կողմէ մշակուած ծրագիրի մը մասին։ Միութիւնը, ծրագրած է, կազմակերպել շարք մը համերգներ Ա. Համաշխարհային Պատերազմի դէպքերու շուրջ։ Իրենց նպատակն է, երաժշտութեան ճամբով զարգացնել 1915ի տխուր դէպքերուն հետեւանքով երկու ժողովուրդներու խանգարուած յարաբերութիւնը ու եղբայրսիրութեան պատգամ փոխանցել այլոց։ Համերգները պիտի սկսին 2016-ի Փետրուարին եւ պիտի տեւեն մինչեւ 2017-ի Փետրուարը։ Համերգները պիտի սարքուին նախ Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն, ապա՝ Եւրոպայի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ, ուր կ՚ապրին Հայեր եւ Թուրքեր։ Հուսկ՝ համերգ պիտի սարքուի Ա.Մ.Ն.ի մէջ։ Համերգներու թուականները, որոնք տակաւին յայտնի չեն, յետագային պիտի ներկայացուին յիշեալ երկիրներու հետաքրքիր հասարակութեան։

Սրբազան Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ գնահատեց նման միջոցառումներու կազմակերպիչները։ Մաղթեց որ ծրագիրը իր նպատակին հասնի եւ երաժշտութեան ճամբով, Հայ եւ Թուրք հասարակութիւններ աւելի մերձենան իրարու։ Այցելութեան աւարտին, Միութեան ներկայացուցիչները գոհ տպաւորութեամբ մեկնեցան Պատրիարքարանէն։