ՄԵՀՏԻ ԷՔԷՐԻ ԶԱՏԿԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

12417545_558615114298376_2627495881591583152_nՆախկին նախարար Մէհտի Էքէր, Ս. Զատկի առթիւ, ժամը 14.15-ին, քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Յարգելի հիւրը, Պատրիարքարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ համայնքի անդամներու կողմէ։ Ներկայ էին Ստանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեան, Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Հրանդ Մոսքոֆեան եւ իր պաշտօնակից ընկերները։

Մէհտի Էքէր, Արամ Արքեպս.ի անձին մէջ շնորհաւորութիւնները յղեց Հայ Համայնքի անդամներուն։ Մտերիմ զրոյցէ յետոյ, յարգելի հիւրը հրաժեշտ առաւ Պատրիարքարանէն։